ՊՈՍԹԸՆ.- Հայ կանանց միջազգային միութեան տարբեր հիմնադրամները սկսած է ընդունելու 2019-2020 կրթական տարեշրջանի կրթանպաստներու դիմումնագիրները, որոնք պէտք է ամբողջացուին մինչեւ 20 Ապրիլ:
Միութիւնը եւ անոր տարբեր մասնաճիւղերը 500էն մինչեւ 5000 տոլարի կրթանպաստներ կը տրամադրեն ամէն տարի։ Անցեալ տարի, կարելի եղած է 75,000 տոլարի կրթանպաստներ տրամադրել առնուազն երկու տարի համալսարան յաճախած հայ ուսանողուհիներու։
Յառաջիկայ տարեշրջանին համար հաստատուած է միութեան հիմնադիր՝ Օլկան Բրոիտեանի անուան 5000 տոլարի կրթանպաստը, շնորիւ միութեան Նիւ Ինկլընտի մասնաճիւղին հովանաւորութեան։
Միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին կողմէ 2011ին հաստատուած Յասմիկ Մկրտիչեանի անուան կրթանպաստի հիմնադրամը տարեկան 5000ական տոլարի կրթանպաստներ կը տրամադրէ Քալիֆորնիայէն հինգ հայ ուսանողուհիներու։
Հայ կանանց միջազգային միութիւնը նաեւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի ուսանողներուն յատուկ կրթանպաստներ կը տրամադրէ։
Դիմումնագիրներուն եւ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.aiwainternational.org կայքը կամ դիմել՝ (781) 237-6858 թիւին կամ
scholarships@aiwainternational.org հասցէին։
Քալիֆորնիայէն դիմողներուն կը յանձնարարուի դիմումները կատարել միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին՝ www.aiwala.org կայքին միջոցաւ: