ՕՔԼԸՆՏ.- Կիրակի, 2 Յունիսին, կ.ե. ժամը 1էն սկսեալ, Օքլընտի Ս. Վարդան եկեղեցին պիտի մեծարէ 1959էն ի վեր շրջանի հայութեան համար մարզական բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ իրականցուցած մարզիչ Ռիչըրտ Տէմիրճեանը, որ կրցած է մեծապէս նպաստել շրջանի հայ համայնքին անդամներուն միջեւ յարաբերութեանց սերտացման։
Ան կազմած է տղոց, աղջկանց, կանանց եւ տղամարդոց բազմաթիւ մարզական խումբեր եւ կազմակերպած է Արեւմտեան Ամերիկայի մարզական միութեան խաղերը։ Ան նաեւ հեղինակն է ամերիկահայ եւ գանատահայ մարզիկներու, մարզիչներու եւ մարզական աշխարհին հետ առնչութիւն ունեցող այլ անհատներու իրագործումներուն նուիրուած հատորի մը՝ «Armenian-American-Canadian Who’s Who of Outstanding Athletes, Coaches and Sports Personalities» (1990)։
Ս. Վարդան եկեղեցւոյ սրահին մէջ (650 Spruce Street, Oakland, CA 94610) տեղի ունենալիք մեծարանքի ձեռնարկին մասնակցութեան սակը 20 տոլար է եւ հասոյթը պիտի տրամադրուի
եկեղեցւոյ մարզական ծրագիրներուն։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ տեղեր ապահովելու համար՝ դիմել stvartanoakland@aol.com հասցէին: