ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Չորեքշաբթի, 27 Մարտին, Միջինքի օրը, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան նախագահեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Արեւագալի ժամերգութեան եւ ուղղեց իր պատգամը։ Հաւատացեալներուն կողքին Ներկայ էին Ազգային Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան մանկամսուր-մանկապարտէզի աշակերտները, որոնք «Հայր մեր»ը երգեցին՝ ընկերակցութեամբ իրենց դաստիարակներուն եւ ծնողներուն։
Սրբազանը փոքրիկներուն հետ զրոյց ունենալով, ի պատասխան իրենց հարցումներուն՝ բացատրութիւն տուաւ զատկուան տօնին եւ հաւկիթներ գունաւորելու իմաստին մասին։ Տեսնելով աշակերտներուն խանդավառութիւնը, ան խրախուսեց զիրենք, որ ուշիմ աշակերտներ ըլլալով՝ բարի վարք ունենան եւ աւելի ուրախութեամբ տօնեն Զատիկը, որովհետեւ այդ տօնը իրենց պէս բարիներուն եւ Աստուծոյ սիրելի զաւակներուն յաղթական տօնն է։
Առաջնորդը իր պատգամին մէջ նշեց, որ Միջինքը լաւագոյն առիթ է ինքնաքննումի, տեսնելու համար եթէ պահեցողութեան սկիզբէն մեր տուած խոստումներուն մէջ հաւատարիմ եղած ենք եւ շարունակելու մեր հոգեւոր ճանապարհորդութիւնը հաւատքով Աստուծոյ զօրութեան եւ գթառատութեան ապաւինելով եւ զիրար քաջալերելով ու գօտեպնդելով, որ մեր ներքին տկարութիւններուն յաղթահարելով սնանինք կենաց հացով՝ Աստուծոյ խօսքին սնունդով։ Ան մաղթեց, որ Մեծ Պահոց երկրորդ շրջանին շարունակենք մեր բարեպաշտութիւնը ցուցաբերել բարին խօսելով, բարին խորհելով եւ բարիք գործելով, եւ Աստուծոյ նմանելու ճիգին մէջ զիրար գերազանցենք, որպէսզի յաղթական ոգիով եւ լուսաւոր հաւատքով հասնինք Յիսուսի Ս. Յարութեան տօնին։
ՄԻՋԻՆՔԻ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ
Կէսօրին, առաջնորդ սրբազանը ներկայ եղաւ Վ. եւ Ա. Շամլեան Ազգային վարժարանի կազմակերպած Միջինքի աւանդական ճաշկերոյթին, որ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի «Քարուսել» ճաշարանին մէջ։ Սրբազանին կ՛ընկերանար Վազգէն Ա. քհնյ. Աթմաճեան։
Ողջոյնի խօսք արտասանեց Վանա Պօյաճեան, որ կանգ առաւ Միջինքի իմաստին վրայ։ Շնորհակալութեան եւ ողջոյնի խօսք արտասանեց նաեւ տնօրէնուհին՝ դոկտ. Թալին Քարկոտորեան, որ երախտագիտութիւն արտայայտեց առաջնորդ սրբազանին հետեւողական քաջալերանքին եւ վարժարանին նեցուկ կանգնողներուն։
Սրբազանը եզրափակիչ խօսքին մէջ ողջունեց ներկաները, յատկապէս վարժարանին ծնողները, որոնք զօրակից են վարժարանի այս ու նմանօրինակ աշխատանքներուն։ Ան նշեց, որ Միջինքը յուշարար է որ քննենք մեր ներաշխարհը, թէ որքան հաւատարիմ մնացած ենք մեր խոստումին մէջ։ Առաւել, այս շրջանը լաւագոյն առիթ է վերանորոգելու մեր հաւատքն ու հաւատարմութիւնը եւ Քրիստոսի պատգամները իրագործելու մեր կեանքին մէջ, հեռու մնալով չարէն, կեղծիքէն, սուտէն, նախանձէն, ատելութենէն ու նմանօրինակ վատ խորհուրդներէն, որպէսզի նոր թափով եւ աստուածահաճոյ ընթացքով կերտենք մեր կեանքը եւ պատրաստ ըլլանք դիմաւորելու Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութիւնը, որ մեզ բոլորս կը վերանորոգէ։
Ձեռնարկը շարունակուեցաւ գեղարուեստական յայտագիրով։