ՌՈԶԱՆՆԱ ՈՒԼԻԿԵԱՆ
Շաբաթ, 16 Մարտ 2019ի երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Կլենտէյլի Երիցական եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ համերգ մը՝ նուիրուած երաժշտական հանճար, բանաստեղծ, գիտնական, ազգագրագէտ, հայրենասէր, մաքրակրօն երգիչ երգահան Կոմիտաս վարդապետի 150ամեակին, կազմակերպութեամբ՝ Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան «Կոմիտաս» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ խմբավար Միքայել Աւետիսեանի:
Վարչութեան եւ «Կոմիտաս» երգչախումբի յանձնախումբին կողմէ Քրիստին Յովնանեան ողջոյնի խօսք յղեց ներկաներուն, բարի գալուստ մաղթեց, ապա ամփոփ կերպով ներկայացուց 12 տարի առաջ ծնունդ առած երգչախումբի կազմաւորման եւ անոր տարած գործունէութեան պատմութիւն՝ նշելով որ անիկա կը շարունակէ մեր նախնեաց գործը՝ սիրտ ու հոգի տալով հայ երգին ու երաժշտութեան: Ապա Քրիստինէն շարունակեց իր միտքը երգչախումբի համերգային շրջագայութիւնները տարբեր բեմերու վրայ, կամուրջ մը գծելով երգչախումբի անուանակոչութեան եւ Կոմիտաս վարդապետի անուան ու ստեղծագործական կեանքին միջեւ, թէ ինչպէ՛ս Մեծն Կոմիտասը իր բացառիկ ընդունակութիւններով բնութեան ձայներն ու ժողովրդային երգերը հայկական խազերու վերածած է: Ան իր խօսքը ամփոփեց Վազգէն Ա. կաթողիկոսի հետեւեալ խօսքով. «Կոմիտաս վարդապետը սկիզբն է որ վախճան չունի, նա կ՛ապրի հայ ժողովուրդով եւ հայ ժողովուրդը պիտի ապրի նրանով, ինչպէս այսօր, այնպէս էլ յաւիտեան»:
Ապա ան ներկաները հրաւիրեց դիտելու Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան, ծննդավայրին եւ ստեղծագործական կեանքին նուիրուած վաւերագրական ժապաւէն մը:
Ապա յայտագիրը սկիզբ առաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի օրհներգներու կատարումով: Այնուհետեւ քառաձայն երգչախումբը յաջորդաբար կատարեց Կոմիտասէն չորս ստեղծագործութիւններ:
Երկու մասէ բաղկացած համերգին ընթացքին հնչեցին ազգային եւ ժողովրդական երգեր՝ ընկերակցութեամբ դաշնակահար Յովսէփ Թորոսեանի, թմբկահար Անի Մեմերեանի եւ ջութակահար Փաթիլ Արապեանի. մեներգողներն էին՝ Լիզա Իսքենտէրեան եւ Մայք Արապեան:
Եզրափակիչ խօսքով Քրիստին Յովնանեան շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկին հովանաւոր բարերար Հայկուշ Գոհլըրին, նախկին եւ ներկայ նուիրատուներուն, խմբավար Միքայէլ Աւետիսեանին, ինչպէս նաեւ բոլոր ներկաներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ քաջալերեցին ձեռնարկը:
Ապա ան բեմ հրաւիրեց Լա Քրեսենթայի քաղաքապետ Հէրրի Լիոնը, որ մօտէն ծանօթ է Կլենտէյլի հայ համայնքին: Հաղորդավարը բեմ հրաւիրեց նաեւ Արա Մարտիրոսեանը եւ Միքայէլ Աւետիսեանը: Քաղաքապետը իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց Հայ երիտասարդաց միութեան վարչութեան գործունէութեան, «Կոմիտաս» երգչախումբի բոլոր անդամներուն եւ խմբավարին, որոնք կը գործեն ի նպաստ հայ մշակոյթի պահպանման ու տարածման: Ապա Հէրրի Լիոն կատարեց գնահատագիրներու տուչութիւնը՝ զանոնք յանձնելով վարչութեան ատենապետ Արա Մարտիրոսեանին եւ խմբավար Միքայել Աւետիսեանին:
Լեցուն սրահի հանդիսատեսներու ոտնկայս ծափահարութեան մէջ, եզրափակիչ ելոյթով հնչեց «Սարդարապատ», «Երեւան-Էրեբունի» եւ «Կիլիկիա» երգերը:
Երգչախումբը կը ծառայէ իր նպատակին, ինչպէս կը գուշակէր երաժշտագէտ, հայ երգին ոգի տուող, բանահաւաք խմբավար Կոմիտաս վարդապետը՝ ըսելով «Վաղուան լուսաբացն է մանխը»։