ՊԸՐՊԵՆՔ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան (ՀԵԴ) հովանիին տակ գործող Մարդկային իրաւանց միացեալ խորհուրդը, համագործակցութեամբ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղի «Ալֆա Կամա Ալֆա» ընկերակցութեան կազմակերպութեամբ՝ Շաբաթ, 9 Մարտի յետմիջօրէին, Պըրպենքի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Կանանց Միջազգային Օրուան նուիրուած՝ «Հայ կիներ. Սահմաններու քանդում» խորագրուած ձեռնարկը:
Ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսներն էին՝ յայտնի հեղինակ Սոնա Զէյթլեան, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղին մէջ գործող Մեղրունի ընտանիքի անուան Հայագիտական ուսմանց ծրագիրի վարիչ դոկտ. Հուրի Պէրպէրեան եւ Միշիկընի նահանգային խորհրդարանի անդամ Մերի Մանուկեան:
Ներկայացումներուն ընթացքին, բանախօսները կեդրոնացան հայոց պատմութեան տարբեր ժամանակահատուածներու ընթացքին հայ կանանց փորձառութիւններուն, դերակատարութեան եւ դիմադրելու ուժին վրայ:
Դոկտ. Պէրպէրեան ներկայացուց հայ կանանց իրավիճակը իրանի եւ օսմանեան կայսրութիւններուն մէջ, կեդրոնանալով յատկապէս վարժարաններ հիմնելու նպատակով հայ կանանց ջանքերուն վրայ։
Սոնա Զէյթլեան խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նախօրեակին, անոր ընթացքին եւ անոր անմիջապէս յաջորդող տարիներուն ընթացքին հայ կանանց դերակատարութեան վրայ՝ դեսպան Տիանա Աբգարի, ինքնապաշտպանութեան եւ բարեսիրական ջանքերու կազմակերպիչ Հռիփսիմէ (Լոլա) Սասունիի եւ խմբագիր-հեղինակ Սիրան (Սեզա) Զարիֆեանի պատմութեան ընդմէջէն։
Իր կարգին, Մերի Մանուկեան խօսեցաւ քաղաքական կեանք նետուելու իր որոշումին եւ անոր գործադրութեան ընթացքին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին, յատկապէս նկատի ունենալով, որ իր ընտրատարածքը աւանդաբար հանրապետականներու վերահսկողութեան տակ եղած էր, իսկ ինքը փոքրամասնութեան մը դեմոկրատ ներկայացուցիչն էր։ Ան քաջալերեց հայ երիտասարդներուն, որ գործօն մասնակցութիւն բերեն երկրի քաղաքական կեանքին։
Ձեռնարկի գեղարուեստական բաժինին մէջ ելոյթ ունեցաւ խումբ մը հայ երիտասարդներու կազմած «Լեռնազանգ» համոյթը՝ ներկայացնելով հայկական աւանդական երգեր եւ պարեր։
Աւարտին, Մարդկային իրաւանց միացեալ խորհուրդի ատենապետ Յասմիկ Պուրուշեան շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկին մասնակցողներուն՝ արտայայտելով կանանց իրաւանց պաշտպանութեան մասին Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ խորհուրդին տարած գործունէութեան մասին։