ԵՐԵՒԱՆ.- Հայրենիքի զարգացման նախաձեռնութեան Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղը կը տեղեկացնէ, թէ արդէն իսկ համացանցային մեծագոյն շուկային՝ «Ամազոն»ի վրայ սկսած են ծախուիլ Հայաստանի մէջ արտադրուած իրեր։
«Այս քայլը կարեւոր է Հայաստանի մէջ արտադրուած ձեռային իւրայատուկ աշխատանքներր միջազգային շուկայ հասցնելու ջանքին համար», կը յայտնէ Հայրենիքի զարգացման նախաձեռնութեան Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղի ղեկավար Լիսա Իսքիքեան, այս նախաձեռնութիւնը գործնականապէս քաջալերելու եւ արտադրութեանց մասին «Ամազոն»ի վրայ դրական արժէւորումներ կատարելու կոչեր ընելով։
Կազմակերպութեան առաքելութիւնն է նպաստել յատկապէս գիւղական շրջաններու մէջ ապրող կանանց եւ հաշմանդամութիւն ունեցող մարդոց իրաւունքները ապահովելու ջանքերուն, որպէսզի անոնք լիարժէք մասնակցութիւն բերեն հասարակական կեանքին:
Յատկանշական է նաեւ, որ կազմակերպութեան նշեալ արտադրութիւնները արժանացած են «Համաշխարհային Արդար Առեւտուրի Երաշխիք» պիտակին։
Արտադրութեանց ծանօթանալու եւ յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել՝ www.amazon.com/s?k=HDIF-USA&ref=nb_sb_noss_2 կայքէջը եւ www.hdif.org կայքը, կամ դիմել՝ hdifusa1@gmail.com հասցէին։