ԵՐԵՒԱՆ.- Համացանցի անվտանգութեան 2018ի համաշխարհային վարկանշային աղիւսակին վրայ Հայաստան յայտնուած է 79րդ հորիզոնականին՝ անցած տարուան ցուցանիշին համեմատած 32 հորիզոնականով բարելաւելով իր դիրքը:
Վարկանշային աղիւսակը կազմած ատեն նկատի կ՛առնուի տուեալ երկրի հակուածութիւնը համացանցի անվտանգութեան, որուն ծիրին մէջ կը գնահատուին օրէնսդրական դաշտը, թեքնիք տուեալները, որակի բարձրացումը եւ գործակցութիւնը:
Վարկանշային աղիւսակը կը գլխաւորէ Մեծն Բրիտանիան, որուն կը յաջորդեն Մ. Նահանգները եւ Ֆրանսան:
Հայաստանի դրացիներէն Վրաստան գրաւած է 18րդ, Թուրքիա՝ 20րդ, Ատրպէյճան՝ 55րդ եւ Իրան՝ 60րդ դիրքը:
Ըստ մասնագէտներու՝ 2018ի վերջի դրութեամբ աշխարհի վրայ համացանցի 3.9 միլիառ օգտատէր արձանագրուած է, որ մոլորակի բնակչութեան 51.2 տոկոսն է: Կը նախատեսուի, որ այդ ցուցանիշը 2030ին 70 տոկոսի հասնի: