Պելճիքայի մէջ գործող Պելճիքահայ դեմոկրատներու միութիւնը 1984ին, Պրիւքսելի մէջ հիմնադրեց հայկական դպրոց մը, որուն նպատակը հայ ընտանիքներու երեխաներուն տառաճանաչութեան եւ հայեցի մեծնալու հարցերուն լուծում տալն էր: Միութեան անդամներուն եւ մանկավարժական կազմի անդուլ եւ հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ, կրթօճախը կը գործէ մինչ օրս:
Յասմիկ Պաքմասեան «Հայերն Այսօր»ին յայտնեց, թէ օրէ օր դպրոցը վերելք կ՛ապրի եւ նոր յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ, որուն վառ ապացոյցը տարուէ տարի աճող աշակերտներուն թիւն է:
2018ին դպրոցը տեղափոխուեցաւ նոր եւ յարմարաւէտ շէնք՝ լայն, ընդարձակ եւ լուսաւոր դասարաններով, ուր կը յաճախեն հարիւրաւոր հայ մանուկներ:
Նկատի ունենալով, որ 2019ին կը լրանայ ծննդեան 150ամեակը ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի, որուն հանճարին շնորհիւ հայաճանաչումը իր սահմանները ընդլայնած է համաշխարհային գրականութեան ասպարէզին մէջ, Պելճիքահայ դեմոկրատներու միութիւնը՝ իբրեւ յարգանքի տուրք եւ շնորհակալական երաշխիք, դպրոցը անուանակոչեց Յովհաննէս Թումանեանի անունով: