ԹՐԻՓՈԼԻ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Օտար ուժերը սկսան իրենց անձնակազմերը հեռացնելու Լիպիայէն՝ երկրին մէջ ապահովական կացութեան վատթարացման պատճառով:
Ափրիկէի մէջ Միացեալ Նահանգներու ուժերու հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ ամերիկեան ուժերու ջոկատ մը տեղափոխած է, իսկ Հնդկաստան նշեց, որ իր խաղաղապահ ուժերը տեղափոխած Թունուզ:
Նաեւ, ուժանիւթի «Էնի» ընկերութիւնը որոշեց իր անձնակազմի իտալացի անդամները հեռացնել երկրէն: ՄԱԿը եւս իր անձնակազմի ոչ կենսական անդամները պիտի հեռացնէ երկրէն:
Զօրավար Խալիֆա Հաֆթարի հրամանատարութեան տակ գտնուող ըմբոստներու ուժերը արեւելքէն կը յառաջանան դէպի մայրաքաղաք Թրիփոլի՝ զայն գրաւելու նպատակով: ՄԱԿի զօրակցութիւնը վայելող վարչապետը՝ Ֆայէզ Սիրաժ զօր. Հաֆթարը ամբաստանեց յեղաշրջման փորձ կատարելու յանցանքով։