ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Առաւել քան շաբաթ մը անցած է տեղական ընտրութեանց արդիւնքին հրապարակումէն, սակայն տակաւին կուսակցութիւններու միջեւ պայքարը կը շարունակուի եւ տակաւին քուէներ կը հաշուըւին։
Իշխող կուսակցութիւնը մասնաւորաբար կ՛առարկէ արդիւնքին դէմ Պոլսոյ եւ Անգարայի մէջ, ուր կուսակցութեան թեկնածուները պարտուած էին։
Արդարեւ, կուսակցութեան նախագահի տեղակալ Ալի Իհսան Եավուզ 7 Ապրիլին պաշտօնապէս պնդեց, թէ այս ընտրութեանց քուէներու համրանքին ընթացքին գործադրուած է «կազմակերպուած օրինախախտում» մը, որուն համար կուսակցութիւնը ընտրական բարձրագոյն խորհուրդին դիմած է այլ շրջաններու մէջ եւս քուէները վերահաշուելու։
Իր կարգին, Պոլսոյ քաղաքապետական ընտրութիւններուն յաղթական հռչակուած ընդդիմադիր ղեկավար Իմամօղլու ըսաւ. «Ձախէն աջ համրեցին, ես կը շահէի, վարէն վեր համրեցին, դարձեալ ես շահեցայ»։
«Շշմեցուցիչ կացութիւն մը կայ բովանդակ երկրին մէջ։ Ժողովուրդը հարց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս կ՛ըլլայ, որ այսքան անկարգութիւն գործադրուած ըլլայ քուէներու համրանքին մէջ. չէ՞ որ իշխանութիւնները ընտրութենէն առաջ յայտնած էին, թէ ամէնէն վստահելի ու թափանցիկ ընտրութիւնը պիտի կատարուի։ Առաջին օրուան համրանքին ընթացքին ո՞ւր էին կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները. անոնք չտեսա՞ն համրանքի անկանոնութիւնները», հարց կու տայ «Մարմարա»ն։