ՄՈՍԿՈՒԱ, «Պլումպըրկ».- 8 Ապրիլին, Ռուսիա այցելող Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որ այս տարուան ընթացքին երրորդն է։
Էրտողան Մոսկուա կ՛այցելէ՝ մասնակցելու Թուրքիա-Ռուսիա համագործակցութեան ութերորդ համաժողովին։
Հանդիպման ընթացքին երկու նախագահները անգամ մը եւս շեշտեցին, թէ Թուրքիոյ՝ ռուսական «Էս. 400» հակահրթիռային համակարգեր ծախելու ծրագիրը ի զօրու կը մնայ, հակառակ Միացեալ Նահանգներու ընդդիմութեան, նոյն ժամանակ շեշտելով տնտեսական յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը։
Նախագահները նաեւ քննարկեցին Սուրիոյ կացութիւնը՝ կեդրոնանալով յատկապէս Իտլիպի համաձայնութեան գործադրութեան, Եփրատ գետի արեւելեան շրջանին մէջ հաւանական գործողութիւններուն, Մընպեճի հարցին եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ պայքար մղելու կարելիութիւններուն վրայ։
Էրտողան, անդրադառնալով «Էս. 400»ներու հարցին՝ ըսաւ, որ Ամերիկա ներկայիս «շատ սխալ բաներ կ՛ըսէ» անոր վերաբերեալ։ Էրտողան յայտնեց, որ ուժանիւթի, զբօսաշրջութեան, հողատնտեսութեան եւ պաշտպանութեան ճարտարարուեստին մէջ երկու երկիրներուն միջեւ ներկայիս տասնեակ միլիառաւոր տոլար արժողութեամբ առեւտուր կայ եւ «պիտի ջանանք այդ առեւտուրը բարձրացնել 100 միլիառ տոլարի»։