ԹԵԼ ԱՒԻՒ, «Էյ.Փի.».- Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու 7 Ապրիլին յայտարարեց, թէ գրաւեալ Արեւմտեան Ափին մէջ գտնուող իսրայէլեան ապօրինի բնակեցման վայրերը պիտի առնէ իսրայէլեան գերիշխանութեան տակ, եթէ 9 Ապրիլին կայանալիք արտակարգ ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրէ:
Նեթանիահու, տալով բռնագրաւեալ Արեւելեան Երուսաղէմի եւ Կոլանի բարձունքներուն օրինակները՝ ըսաւ. «Կը հարցնէք, եթէ յաջորդ փուլին պիտի անցնինք. պատասխանը այո է, յաջորդ փուլին պիտի անցնինք: Մտադիր եմ ընդլայնել իսրայէլեան գերիշխանութիւնը»:
Պաղեստինցի աւագ բանագնաց Սայէպ Օրէյքաթ յայտնեց, որ Նեթանիահուի այդ յայտարարութիւնը «անակնկալ չէ»՝ աւելցնելով. «Իսրայէլ պիտի շարունակէ միջազգային օրէնքի իր բացայայտ ոտնահարումները, այնքան ատեն որ միջազգային ընտանիքը կը շարունակէ վարձատրել Իսրայէլը, մանաւանդ Թրամփի վարչակազմին աջակցութեամբ»: