ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան եւ Չեխիայի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Լիւպոմիր Մեթնար ռազմական սարքերու վերաբերեալ համագործակցութեան համաձայնագիր մը ստորագրեցին:
Ըստ Դաւիթ Տօնոյեանի՝ հայ-չեխական երկկողմ պաշտօնական համագործակցութիւնը սկիզբ առած է 2010ին եւ հիմնուած է երկու երկիրներուն միջեւ բարձր մակարդակի քաղաքական յարաբերութիւններու, ժողովուրդներու բարեկամութեան, փոխադարձ ըմբռնման եւ վստահութեան ընդհանուր արժէքներու ու մօտեցումներու վրայ եւ ունի լուրջ հեռանկարներ:
«Հայաստանի եւ Չեխիայի համագործակցութեան իրաւական հիմքն է հանդիսանում 2010 թուականին երկու երկրների միջեւ ստորագրուած ռազմական համագործակցութեան համաձայնագիրը եւ այսօր ստորագրուած ռազմատեխնիկական համագործակցութեան մասին համաձայնագրով սահմանւում են համագործակցութեան փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտները, համագործակցութեան ձեւաչափն ու ընթացակարգերը», ըսաւ նախարարը:
Տօնոյեան նշեց, որ Չեխիայի իր գործընկերոջ հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան վերաբերող հարցեր:
Չեխ նախարար Մեթնար հանդիպումէն ետք պարզաբանում մը կատարեց Չեխական արտադրութեան DANA հրետանիներու Ատրպէյճանին կատարուած մատակարարման մասին, որ, ըստ նախարարին իրականացած է երրորդ երկիրներու միջոցով:
«Հարցը քննարկւում է ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ Չեխիայի լրատուական դաշտում: Առաջին հերթին պէտք է ասեմ, որ Չեխիայի Հանրապետութիւնը կատարում է ինչպէս միջազգային, այնպէս էլ Չեխիայի օրէնսդրութեան պահանջները եւ յստակօրէն վերահսկում արտահանումների լիցենզաւորման (արտօնագիր շնորհելու-Խմբ.) գործընթացը: Մենք կատարում ենք միջազգային էմբարգոյի (արգելքի, նաւարգելի-Խմբ.) բոլոր պահանջները եւ ոչ մի լիցենզաւորում չենք տալիս Ադրբեջան ուղղուած մատակարարումների համար», նշեց չեխ նախարարը:
Լիւպոմիր Մեթնար ընդգծեց, որ 2016էն 2017 շարք մը դիմումներ եղած են արտօնագրելու Չեխիայէն արտածելու ինչպէս նշուած հրետանիները, այլեւ մեկնարկային կայաններ, բայց պաշտպանութեան եւ ներքին գործոց նախարարութեան առաջարկով այդ դիմումները մերժուած են:
Նշենք, որ Չեխիայի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Լիւպոմիր Մեթնարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 9 Ապրիլին պաշտօնական այցելութեամբ ժամանեց Երեւան: Չեխ նախարարը Երեւանի մէջ հանդիպեցաւ նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: