ԵՐԵՒԱՆ, «ԱրմԷնփրէս».- Հայաստանի բանակը իր գրոհային՝ յարձակողական ստորաբաժանումները աւելցնելու փուլը մտած է. սպառազինութեան, ռազմական սարքերու առումով՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեսլականը այդ ուղղութեամբ կ՛ընթանայ: Այս մասին Ազգային ժողովի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց պաշտպանութեան փոխնախարար Գաբրիէլ Բալայեան՝ անդրադառնալով Նիւ Եորքի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն առջեւ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի յայտարարութեան, որ Հայաստան պիտի աւելցնէ իր գրոհային ստորաբաժանումները:
«Պաշտպանութեան նախարարը ոչ միայն յայտարարել է, որ պէտք է աւելացնենք, այլ նաեւ կարող եմ ասել, որ մենք այդ փուլում ենք, այդ թւում՝ սպառազինութեան, ռազմական տեխնիկայի (արհեստագիտութեան-Խմբ.) առումով մեր տեսլականը դրան է միտուած», յայտնեց Բալայեան:
Փոխնախարարը նշեց, որ այդ յայտարարութիւնը իբրեւ յարձակողապաշտ մօտեցում ընկալելը միամտութիւն է:
Բալայեան շեշտեց նաեւ, որ ամբողջ հասարակութիւնը պէտք է կարենայ ընկալել, որ խաղաղութիւնը ոչ ոքի կողմէ նուէր չէ տրուած Հայաստանին:
«Այն յարաբերական անդորրը, որ կայ, պարտադրուած է հակառակորդին: Եւ եթէ հակառակորդը նորից փորձի սանձազերծել, մենք նորից պարտադրելու ենք խաղաղութիւն», ըսաւ փոխնախարարը՝ աւելցնելով, որ խաղաղութիւն պարտադրելու ձեւերը տարբեր են՝ ռազմական, դիւանագիտական եւ անձնական շփումներու միջոցով:
Նշենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան 29 Մարտին, Նիւ Եորքի մէջ հանդիպած էր հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ: Այս հանդիպման ընթացքին Տօնոյեան ընդգծած էր, որ Հայաստան պիտի աւելցնէ իր գրոհային ստորաբաժանումները: Ան նաեւ նշած էր, որ խրամատային, անընդհատ պաշտպանական վիճակէն պիտի ձերբազատինք, եւ պիտի աւելցնենք քանակը այն ստորաբաժանումներուն, որոնք կրնան ռազմական գործողութիւնները տեղափոխել հակառակորդին տարածքը:
«Մենք հիմա քննարկում ենք ուսումնական փուլից յետոյ մարտական հերթապահութեան մէջ ընդգրկուած զինծառայողների պարտադիր ժամկետային զինուորական ծառայութիւնն աւելի նուազ սահմանելու եւ մարտական հերթապահութեան մէջ չընդգրկուած անձնակազմի պարտադիր ժամկետային ծառայութիւնն աւելի երկար սահմանելու վերաբերեալ նախագիծ ներկայացնելու հնարաւորութիւն ու նպատակայարմարութիւնը», ըսաւ պաշտպանութեան փոխնախարարը: