ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը.
«Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ 19 Մարտ 2019ին, Մոնթեպելլօ շրջանը վերակազմեց իր մասնաճիւղը եւ զայն մկրտեց բանաստեղծ, արձակագիր, թատերագիր, Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկի դասախօս եւ Նշան Փալանճեան Ճեմարանի տարիներու վաստակաւոր ուսուցիչ Մուշեղ Իշխանի անու-նով:
Վարչութեան անդամներ նշանակուեցան՝ Զեփիւռ Սերչեան, Անգին Իսկաջեան, Մարի Փելթէքեան, Մելինէ Մանուկեան, Շաղիկ Արթինեան, Յարութ Տէմիրճեան եւ Ռազմիկ Սարգիսեան:
Շրջանային վարչութիւնը յաջողութիւն կը մաղթէ հայ մշակոյթի պահպանման, զարգացման եւ տարածման նպաստող նորանշանակ վարչութեան անդամներուն»: