ՊԱՔՈՒ, «Ազատութիւն».- «Ռուսիան կը գործադրէ բոլոր ջանքերը ղարաբաղեան հարցի խաղաղ լուծման համար, որովհետեւ այլ լուծում չկայ», Պաքուի մէջ յայտարարեց Ռուսիոյ Դաշնութեան խորհուրդի ղեկավար Վալենթինա Մատվիենքօ Ատրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Օքթա Ասատովի հետ հանդիպման ընթացքին:
Մատվիենքօ յիշեցուց, որ 2 Ապրիլին, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին Մոսկուան պատրաստակամութիւն յայտնեց յետագային եւս աջակցելու ղարաբաղեան հիմնահարցի խաղաղ լուծման ուղիներու որոնման գործին:
Մատվիենքօ Պաքուի մէջ անդրադարձաւ 15 Ապրիլին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու ծրագրուած հանդիպման՝ նշելով. «Քայլ առ քայլ, միասին պիտի կարենանք հասնիլ փոխզիջման, յառաջ երթալ եւ լուծում գտնել»:
Ռուսիոյ քաղաքական կեանքի հնաբնակներէն համարուող Մետվիենքօ վստահեցուց իր ատրպէյճանցի գործընկերոջ, որ Մոսկուա պիտի շարունակէ ուշադրութեան կեդրոնին պահել ղարաբաղեան հարցը:
Ուրբաթ, 12 Ապրիլին, Մատվիենքօն ընդունեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ: Ան Մատվիենքօն պարգեւատրեց «Տոսթլուք» շքանշանով:
Ռուսիոյ խորհրդարանի վերին պալատի ղեկավարին հետ հանդիպման ընթացքին Ալիեւ ընդգծեց, որ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները ռազմավարական են, եւ դժուար է գտնել ոլորտ մը, ուր Պաքու եւ Մոսկուա աշխուժօրէն չեն համագործակցիր: