ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Ուրբաթ, 12 Ապրիլին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան (ՊՆ) «Բաղրամեան» զօրավարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ հայ-ռուսական միացեալ զօրախումբի (ուժերու) ստորաբաժանումներու մասնակցութեամբ 1 Ապրիլին մեկնարկած գումարտակային մարտավարական զօրավարժութեան եզրափակիչ՝ մարտական հրաձգութեան փուլը:
Զօրավարժութեան եզրափակիչ փուլին հետեւեցան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան եւ սպայակոյտի ու զինուած ուժերու բարձրաստիճան զինուորականներ:
1էն 12 Ապրիլ տեղի ունեցած զօրավարժութեան նպատակն էր՝ ներդաշնակել տարբեր զօրատեսակներու ստորաբաժանումներու համատեղ գործողութիւնները, ստուգել անձնակազմի մարտական պատրաստութիւնը՝ միասնական ուժերով ուսումնամարտական առաջադրանքներ կատարելու ընթացքին:
Լայնածաւալ վարժութեան ընթացքին կիրառուեցան անօդաչու թռչող սարքեր, կրակային տարբեր միջոցներ, հրետանային համակարգեր, ծանր զրահամեքենաներ եւ ռազմական օդանաւեր: Ներգրաւուած էին առաւել քան 1500 զինուորներ:
Զօրավարժութեան գլխաւոր ա-ռանձնայատկութիւնը այն էր, որ նախօրօք ծրագիր չէր մշակուած եւ զինուորներուն խնդիրներ առաջադրուեցան, իրավիճակի զարգացման զուգահեռ:
Բարձր գնահատելով լայնածաւալ զօրավարժութեան նախնական արդիւնքները՝ Հայաստանի Զինուած ուժերու եւ Ռուսիոյ Զինուած ուժերու միացեալ խմբաւորման հրամանատար, զօրավար Տիգրան Փարվանեան վստահեցուց, որ առաջադրուած բոլոր ուսումնամարտական եւ կրակային խնդիրները կատարուեցան բարձր մակարդակով եւ զօրավարժութիւնը ծառայեց իր նպատակին՝ ապահովելով հայ-ռուսական միացեալ զօրախումբի ստորաբաժանումներու ներդաշնակութիւնը եւ համատեղ խնդիր կատարելու արդիւնաւէտութիւնը: