ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) Հայագիտական ուսմանց հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ Գեղամ Մուղնեցեան նշանակած է հիմնարկին հովանիին տակ գործող եւ Չիթճեանի անուան առաջին ուսումնասիրող-արխիւներու պատասխանատուն, շնորհիւ Սառա Չիթճեանի աջակցութեան։
Սառա Չիթճեան հանգստեան կոչուած ուսուցիչ մըն է։ Ան Մեքսիքօ Սիթի ծնած է եւ զաւակն է Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած Համբարձում եւ Ովսաննա Չիթճեաններու։ Ան ընտանիքին հետ 1935ին Արեւելեան Լոս Անճելըս հաստատուած է եւ շրջանաւարտ է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն։ 1956էն սկսեալ, Սառա Չիթճեան 34 տարիներ դասաւանդած է Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանին մէջ, իսկ հանգստեան կոչուելէն ետք ուշադրութիւնը կեդրոնը դարձուցած է իր ծնողքին վկայութիւնները վաւերագրելու աշխատանքը։
2016էն ի վեր, Գեղամ Մուղնեցեան մաս կը կազմէ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտականի անձնակազմին, կեդրոնանալով Սփիւռքին վերաբերող փաստաթուղթեր հաւաքելու հիմնարկին աշխատանքին վրայ։ Ան միջազգային յարաբերութեանց վերաբերող մասնագիտութեան մէջ վկայուած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղէն (պսակաւոր արուեստից) եւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի Ամերիկեան համալսարանէն (մագիստրոս):
Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտականի վարիչ Սալբի Ղազարեան շնորհակալութիւն կը յայտնէ Սառա Չիթճեանի ցուցաբերած աջակցութեան համար՝ նշելով, որ Հայոց Ցեղասպնութեան եւ հայութեան յետ-եղեռնեան պատմութեան արխիւներու ուրճացման համար կարեւոր ներդրում մը կը կատարէ, նոյն ժամանակ յիշեցնելով, որ Չիթճեան եղած է իր հօր ուսողութեան ուսուցիչը եւ աւելցնելով, որ իր համալսարանական տարիներուն հարցազրոյց մը կատարած է Ցեղասպանութենէն վերապրած Սառայի հօր հետ, փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի կողմէ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ կատարուող հարցազրոյցներու ծիրին մէջ։