ՎԱՀԱՆ ՊԶՏԻԿԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի նորագոյն Սփիւռքի առաւել քան 100 տարուան պատմութեան ընդմէջէն կը փաստուի, թէ մարդակերտումի եւ հայապահպանման կարեւորագոյն 3 կռուաններն են՝ Դպրոցը, Եկեղեցին եւ Ակումբը, որոնք կ՛ամբողջացնեն ընտանեկան կրթութիւնը:
Ըսուած է, թէ ա՛ն որ դպրոց մը կը կառուցէ՝ բանտ մը կը փակէ: Կրնայ ըլլալ նոյնը չէ ըսուած ակումբին մասին, սակայն մեզմէ ո՞վ չի ճանչնար անձեր, որոնք եթէ ակումբի ազդեցութեան ենթարկուած չըլլային՝ իրենց հայկականութիւնը եւ ազգային գիտակցութիւնը կորսնցուցած պիտի ըլլային:
Այստեղ կը գտնուին շատեր, որոնք բարեկամներ ու ընկերներ ունին, որոնք եթէ ակումբ չյաճախէին հաւանաբար կորուստի ճամբան բռնած ըլլային: Սակայն անոնք այսօր տիպար անհատներ են իրենց շրջանակին մէջ:
Ակումբը՝ Հայ ակումբը, այն միջավայրն է, ուր յաճախողները իրենց առօրեայ պարապմունքներուն ընդմէջէն կը կուտակեն պատկանելիութեան զգացում մը, պատկանելիութիւն՝ իրենց ընտանիքէն աւելի ընդարձակ հաւաքականութեան մը, որ նոյն մշակոյթը, պատմութիւնը, արժէքները եւ տեսլականները կը բաժնէ ու այդ ձեւով իրենք զիրենք աւելի հզօր կը զգան:
Հայ պատանին, երիտասարդը եւ չափահասը, ակումբէն ներս ընկերային յարաբերութիւններու օրէնքներուն կը հետեւին եւ կ՛որդեգրեն զանոնք, կազմելով առողջ հայ հասարակութիւն մը:
Ակումբէն ներս Հայոց Պատմութիւնը, մշակոյթը, աւանդութիւնները, համայնական երազները, ազգային արժէքները կը պահուըտին ամէն մէկ երգի, պարի, ասմունքի, ժողովի եւ աշխատանքի մէջ եւ անոնք միասնաբար ձուլուելով՝ ի յայտ կու գան, երբեմն կը ժայթքին ամէն մէկ երիտասարդի ընդմէջէն:
Այսօր, չեմ ուզեր խօսքս երկարել այս ուղղութեամբ, քանի որ հոս հաւաքուած էք արդէն շնորհիւ ձեր հաւատքին հայ ակումբին նկատմամբ եւ փաստած էք ձեր յանձնառութիւնը գործով եւ ձեր բարոյական թէ նիւթական օժանդակութեամբ:
Այսօր կը տօնենք «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» Հայ կեդրոնի կառուցման 10ամեակը:
Կառուցումը եւ 10 տարիներէ ի վեր հոն կատարուած ժրաջան աշխատանքը նոյն համեմատութեամբ կարելի պիտի չըլլար առանց ձեր աջակցութեան:
Ձեր զօրակցութիւնն է, որ ինքնավստահութիւն կը ներշնչէ այս կեդրոնէն ներս գործողներուն, շարունակելու իրենց ազգօգուտ ծառայութիւնը ընդհանրապէս եւ Կլենտէյլի հայութեան մասնաւորապէս:
(Հատուած՝ Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» կեդրոնի 10րդ տարեդարձի ճաշկերոյթ-տօնակատարութեան ընթացքին փոխանցուած պատգամէն)