ՍԻՏՆԻ.- Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Նոր Հարաւային Կալես նահանգի նորընտիր վարչապետ Կլետիս Պերեճիքլեան 24 Ապրիլին, Սիտնիի մէջ ելոյթ պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան 104րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի երեկոյին ընթացքին: Միջոցառումը կազմակերպուած է Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ։
«Մեզի համար մեծ պատիւ է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ազգային յիշատակի երեկոյին մեզ իր ներկայութեամբ պիտի պատուէ վարչապետ Կլետիս Պերեճիքլեան: Զարմանալի չէ, որ նախորդ ամիս պատմութիւն կերտած վարչապետին՝ Հայկական Հարցը յիշելու ու յառաջ մղելու յանձնառութիւնը կը շարունակէ ուժեղ մնալ», կ՛ըսուի Հայ Դատի յանձնախումբի յայտարարութեան մէջ:
Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ Ցեղասպանագէտներու միջազգային միութեան փոխնախագահ Մելանի Օ՛Պրայըն: