ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- 15 Ապրիլին, Մոնթրէալի քաղաքապետարանը յատուկ նիստի մը ընթացքին, Հայոց Ցեղասպանութեան 104ամեակի յիշատակման օրուան վերաբերեալ հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, թէ 1915-1916 թուականներուն տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն էր, որուն զոհ գացին հայ ժողովուրդին երկու երրորդը:
Վերոնշեալ նիստին ներկայ էին Մոնթրէալի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը եւ Գանատայի մօտ Հայաստանի հիւպատոս Արա Մկրտչեան:
Յայտարարութեան մէջ կը յիշուի, թէ 1997էն սկսեալ Մոնթրէալի քաղաքապետարանը ամէն տարի վաւերացուցած է բանաձեւեր, որոնց մէջ դատապարտած է մէկուկէս միլիոն հայերու տեղահանութիւնը, ջարդը եւ վերապրողներու խզումը իրենց պապենական հողերէն: Մինչ 28 Նոյեմբեր 2003ին, Քեպեքի քաղաքապետարանը Ապրիլ 24ը այնուհետեւ յայտարարեց Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման օր:
Նշեալ յայտարարութեան մէջ կը յիշատակուի նաեւ, թէ Մոնթրէալի մէջ կ՛ապրին 50,000 հայեր, որոնք՝ իբրեւ հայ համայնք, իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն քաղաքի մշակութային, տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական կեանքին:
Ահունցիք-Քարթիէվիլ շրջանի քաղաքապետ Էմիլի Թուիէի առաջարկով եւ Մոնթրէալի քաղաքապետ Վալերի Փլանթի վաւերացումով 24 Ապրիլ 2019ը կը յայտարարուի՝ իբրեւ Մոնթրէալի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման օր եւ կոչ կ՛ուղղուի մոնթրէալցիներուն՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Ցեղասպանութեան զոհերուն՝ հաստատելու համար մոնթրէալցիներուն համերաշխութիւնը հայ ժողովուրդին հետ: