ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի քաղաքամէջի հանրային գրադարանի «ՌիֆլեքթՍփէյս» ցուցադրասրահին մէջ, 19 Ապրիլին տեղի պիտի ունենայ հայկական Սփիւռքին նուիրուած խմբային իւրայատուկ ցուցահանդէս մը՝ «Սեմ. Հայկական Անցքեր» ընդհանուր խորագիրին տակ, որ լուսարձակի տակ պիտի առնէ Սփիւռքի մէջ արձանագրուող յաճախակի գաղթերու յատկութիւնը եւ անոր ֆիզիքական, զգացական եւ պատմական երեսները։
Պիտի ցուցադրուին Սոֆիա Գասպարեանի, Գալուստ Կիւտելի եւ Գեղամ Խաչերեանի ստեղծագործութիւնները։
Ցուցահանդէսին բացման արարողութիւնը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 7ին, իսկ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 16 Յունիս:
23 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 7ին, նշեալ արուեստագէտները պիտի մասնակցին հանրային զրոյցի մը, նոյն ցուցադրասրահին մէջ։
Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Արա եւ Անահիտ Օշականներու, ինչպէս նաեւ Կլենտէյլ քաղաքի Գրադարան, արուեստներ եւ մշակոյթ բաժանմունքին ջանքերով:
Գրադարանին հասցէն է՝ 222 E. Harvard St., Glendale, CA 91205։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել (818) 548-2030 թիւին։