ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի աշակերտները Երեքշաբթի, 9 Ապրիլի առաւօտուն, Ցեղասպանութեան 104ամեակին առիթով, խումբ-խումբ քայլարշաւով Ազգային առաջնորդարան այցելեցին եւ Ցեղասպանութեան յուշակոթողին առջեւ վերանորոգեցին հայութեան պահանջատիրութեան իրենց ուխտը:
«Արդարութեան Քայլարշաւ»ի խորհրդանիշը կրող շապիկներ հագած՝ աշակերտները քալելով հասան Ազգային առաջնորդարան, ուր դիմաւորուեցան Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ, որուն կողքին էին Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեան, Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան ու Մովսէս քհնյ. Շաննագեան։
Աշակերտներուն կ՛ընկերանային վարժարանի տնօրէնուհին՝ դոկտ. Թալին Քարկոտորեան, փոխտնօրէնուհին՝ Ռիթա Գաբրիէլեան, դաստիարակներ եւ ծնողներ։ Անոնք առաջին հերթին ծաղիկներ զետեղեցին նահատակներու յուշարձանին առջեւ։ Այնուհետեւ անոնք հանդէս եկան հայրենասիրական երգերով եւ ասմունքներով։ Աշակերտական խորհուրդին կողմէ խօսք արտասանեց Քրիստին Աւագեան։ Հայոց լեզուի դասատուներ եւս խօսք առին եւ ոգեւորեցին աշակերտները։
Առաջնորդարանի շրջափակը ցնծաց աշակերտներու խանդավառ բացագանչութիւններով, կենդանութիւն պարգեւելով շրջապատին։
Յատկանշական էր նախակրթարանի կրտսեր աշակերտներուն բարձրաձայնած խոստումը. անոնք իրենց երկնաբարձ բռունցքները ճօճելով՝ կրկնեցին. «Ամէն օր հայերէ՛ն խօսիլ։ Հայերէ՛ն աղօթել։ Հայերէ՛ն կարդալ։ Մեր պատմութիւնը լա՛ւ սորվիլ։ Մեր արդար դատը պահանջե՛լ, մինչեւ, որ մեր գրաւուած հողերն ու Արարատ լեռը միանան մայր հայրենիքին՝ Մայր Հայաստանին»։
Առաջնորդ սրբազանը երեք խումբերով ներկայացած աշակերտներուն հերթաբար իր պատգամը ուղղեց՝ յիշեցնելով, որ կը գտնուինք նախօրէին Ծաղկազարդի եւ Ս. Յարութեան տօներուն, որոնք մեզի կը պատգամեն չարին դէմ բարիին եւ մահուան դիմաց Յարութեան յաղթանակը։ Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ կը գտնուինք Ապրիլ 24ի նախօրեակին եւ հաւաքուած ենք ոգեկոչելու համար մեր սրբադասեալ նահատակներուն յիշատակը։ «Ցեղասպանութեան սրբադասեալ նահատակները իրենց կեանքը զոհեցին յանուն ազգին, եկեղեցւոյ ու հայրենիքին», նշեց ան եւ յորդորեց՝ հաւատարիմ մնալու մեր լոյս հաւատքին, Ս. Նահատակաց կտակին, ապրելով հայօրէն, սիրելով հայրենիքը, հայոց լեզուն եւ մշակոյթը, ըլլալով պահանջատէր։
Սրբազան հօր թելադրութեամբ, 8րդ կարգի աշակերտներէն Շանթ Քութնուեան եւ Սելին Հէմէլեան իրենց զգացումները արտայատեցին օրուան խորհուրդին մասին։ Անոնք խօսեցան մեր պահանջատիրական պայքարին մասին եւ միակամ ոգիով հաւատարիմ մնալու մեր հաւատքին, հայրենիքին եւ ազգային արժէքներուն։
Ապա, աւարտական 8րդ կարգի աշակերտները ուղղուեցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահ՝ ստանալու համար առաջնորդին օրհնութիւնը իրենց Հայաստան ուխտագնացութեան նախօրեակին։ Աշակերտները ելոյթ ունեցան պարով, երգով եւ ասմունքով։
Սրբազանը գեղեցիկ զուգադիպութիւն մը համարեց, որ Հայաստան ուխտագնացութեան վաղորդայնին, աշակերտները կը գտնուէին առաջնորդարան, բացատրելով, որ մենք բախտաւոր ազգի մը զաւակներն ենք, որովհետեւ Աստուած ի՛նք էջք կատարած է Հայաստան աշխարհը եւ ոսկէ մուրճով ամրագրած առաջին եկեղեցւոյ կառուցման վայրը։ Ան գնահատեց աշակերտներուն ելոյթները, յատկապէս «Ուխտ Արարատին»ը, աղօթելով որ Աստուած օրհնէ զանոնք՝ յիշեցնելով, որ մեր ուխտերը չեն վերանորոգուիր, եթէ մեր ուխտը Աստուծոյ հանդէպ չնորոգենք։
«Դուք մեր դատի ուխտը վերանորոգեցիք, Արարատը պիտի տեսնէք եւ քրիստոնէութեան լոյսին ընդմէջէն ձեր հաւատարմութեան ուխտը պիտի վերանորոգէք եւ մեր իրաւունքները ձեռք պիտի բերուին մինչեւ հասնելու Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանին» եզրափակեց ան։
«Կիլիկիա» մաղթերգի եւ «Մեր Հայրենիք» քայլերգի երգեցողութեամբ, եւ առաջնորդ սրբազանին «Պահպանիչ»ով հանդիսութիւնը հասաւ իր աւարտին։
Մեկնումի պահուն, աշակերտները ստացան յուշանուէրներ։
Յայտնենք, որ քայլարշաւէն առաջ, արդէն իսկ աւանդոյթի վերածուած ծառատնկումը եւ մոմավառութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած էր վարժարանին շրջափակին մէջ։