ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- «Լրագրողներ առանց սահմաններու» միջազգային կազմակերպութիւնը հրապարակեց իր նորագոյն զեկոյցը, որուն մէջ Թուրքիա 180 երկիրներ ունեցող ցանկին վրայ կը գրաւէ 157րդ դիրքը: 2018ին, Թուրքիա նոյն զեկոյցին մէջ գրաւած էր 155րդ դիրքը:
Զեկոյցին մէջ կ՛ըսուի, որ Թուրքիոյ մէջ աւելիով կը նկատուին ատելութեան դրսեւորումներ անկախ լրագրողներու նկատմամբ:
Ձանկին վրայ առաջին դիրքը կը գրաւէ Նորվեկիան, որմէ ետք կու գան Ֆինլանտան եւ Շուէտը: Ռուսիա կը գրաւէ 149րդ դիրքը: