
ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Երեքշաբթի, 16 Ապրիլին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան յաջորդաբար ընդունեց այցելութիւնը ՀՄԸՄի եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեանց ներկայացուցիչներուն։ Առաջնորդ սրբազանին կողքին էին Ազգային վարչութեան անդամներ Ճորճ Չորպաճեան եւ Էլիզապէթ Պօյաճեան։
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանին կ՛ընկերակցէին Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Վիգէն Դաւիթեան եւ Օշին Փիրումեան ու ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան կազմի անդամներ։ Անոնք ՀՄԸՄի ընտանիքին կողմէ ողջոյններ փոխանցեցին. այցելութիւնը ՀՄԸՄի 100ամեակէն ետք առաջինն էր իր տեսակին մէջ։ Ազգային առաջնորդարանին հետ փոխադարձ գործակցութիւնը գնահատելով՝ հիւրերը շեշտեցին, որ ինչպէս անցեալին, նաեւ ներկայիս կը վայելեն առաջնորդին եւ առաջնորդարանին նեցուկը։
Հանդիպումը առիթ ընծայեց խորհրդակցելու համահայկական հարցերու շուրջ, շեշտելով նման համագործակցութեան կարեւրութիւնը, յատկապէս երիտասարդութեան ներկայութիւնը եւ ներդրումը ապահովելու եկեղեցական ու ազգային կեանքին մէջ։ Հանդիպման աւարտին, Մկրտիչեան ՀՄԸՄի 100ամեակի յուշանուէրը յանձնեց առաջնորդ սրբազանին, որ իր կարգին յուշանուէրներ փոխանցեց իրենց։

Երկրորդ հանդիպումին՝ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ դոկտ. Տիգրան Պապիկեան եւ Մանուկ Չուխաճեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեցին 16 Մարտին՝ Համազգայինի Արեւմտեան, Արեւելեան եւ Գանատայի Շրջանային վարչութեանց հանդիպումին ընթացքին ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան՝ առաջնորդ սրբազանին, առաջնորդական փոխանորդին եւ Ազգային վարչութեան ատենապետին կողմէ եւ այն փոխադարձ գործակցութեան մթնոլորտին, որ կը տիրէ Ազգային առաջնորդարանին եւ Համազգայինի միջեւ ընդհանրապէս։
Անոնք արծարծեցին հայեցի դաստիարակութեան ոլորտներուն վերաբերող հարցեր եւ յատկապէս Ազգային վարժարաններու միջեւ գործակցութեան հեռանկարային ծրագիրներ, ի խնդիր Համազգայինի մշակութային առաքելութեան ազդու ներկայութեան՝ համագործակցութեան դաշտի մը ստեղծման ընդմէջէն։
Երկու հանդիպումներն ալ Ազգային առաջնորդարանին եւ մեր կազմակերպութեանց միջեւ սերտ գործակցութեան արտայայտութիւնը հանդիսացան։
