ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
«Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղ»ին կամ «Թուրքիոյ վերջին հայկական գիւղ»ին մասին լսած էք վստահ: Մուսա լերան Վաքըֆ գիւղի մասին այդպէս կ՛ըսեն. Թուրքիոյ մէջ ուսումնական կեցութեանս ընթացքին առիթը ունեցած եմ նաեւ այցելելու այնտեղ, ու թերեւս օր մը գրեմ նաեւ այդ մասին:
Այս անգամ, սակայն, պիտի գրեմ այլ հայկական գիւղի մը մասին, որ նաեւ կ՛ապրի Թուրքիոյ մէջ: Մուսալեռցիները թող ներեն ինծի, եթէ այսպիսով իրենցմէ խլած կ՛ըլլամ «վերջին»ի կամ «միակ»ի պատիւը. թէեւ, ի՞նչ պատիւ. կասկած չունիմ, որ ատոր համար իրենք ալ կը ցաւին:
Գիւղը, որուն մասին կը խօսիմ, կը գտնուի Թուրքիոյ արեւելեան շրջաններէն մէկուն մէջ: Անունը պիտի չկարենամ տալ՝ յարգելով տեղացիներուն հասկնալի եւ արդարացուած զգուշաւորութիւնը: Գիտցողները գիտեն. բացայայտում մը կամ գիւտ մը չէ, որ կ՛ընեմ:
Անտեղեակներո՛ւն պատմեմ:
Տուեալ գիւղի բնակիչները մէկ մեծ ընտանիքի կը պատկանին, սերած նշանաւոր Պ. Աղայէն, որ Օսմանեան տարիներուն շրջանի մեծահարուստներէն էր: Աղային կալուածներն ու հողերը բռնագրաւուած էին 1915ին ու այդ բոլորէն մնացած էր ընդամէնը այն հողակտորը, ուր Աղային ժառանգորդները կ՛ապրին այսօր:
Ընտանիքին մեծ մասը քրիստոնեայ է, փոքր մասը՝ մահմետական. բայց հայ են բոլորն ալ: Տասն-տասնհինգ տարի առաջ, բոլորն ալ մահմետական էին պաշտօնապէս. թէեւ իրենցմէ ոմանք, ծերունիները յատկապէս, որոշ քրիստոնէական հաւատք ու սովորութիւններ պահած էին, անշուշտ տան պատերու ետին միայն: Յետոյ, 2000ականներու ժողովրդավարացման փաստօրէն խափուսիկ ու ժամանակաւոր շրջանի ընթացքին ընտանիքի անդամները քիչ-քիչ քրիստոնէացած էին: Աւելի՛ն. կամաց-կամաց կապ հաստատած էին Պոլիս բնակող հայերու հետ, եւ նոյնիսկ իրենց զաւակներէն ոմանք սկսած էին ուղարկելու այնտեղի հայկական վարժարանները, որպէսզի հայերէն սորվին ու տեղւոյն հայ համայնքին ընտելանան:
Գիւղ որ կ՛ըսեմ, փոքր բան մըն է: Կողք կողքի ու գրեթէ փակած մի քանի տուն ընդամէնը: Եղբայրներ, իրենց կիներով ու զաւակներով, իրենց մէջ կը բաժնեն տուները, լաւագոյն պարագային տարբեր յարկեր զբաղեցնելով. կարծես այն նահապետական սովորութիւններուն համաձայն, որոնց կարելի է հանդիպիլ Րաֆֆիի վէպերուն մէջ:
Ամառ էր, երբ այցելեցի գիւղը: Երեք հոգի էինք. Պոլիսէն հայ բարեկամ առաջնորդս, որ յաճախ այցելած էր այդ գիւղը, իր տեղացի քիւրտ բարեկամը եւ ես: Գիւղի մուտքին մեզ զննեց հողագործական ինքնաշարժին նստած երիտասարդ մը, եւ երբ տեսաւ մեր առաջնորդը ու ճանչցաւ զինք, ժպտաց ու ճամբայ տուաւ: Հասանք տուներուն մօտ, իջանք ինքնաշարժէն: Քիչ մը անդին, պարտէզի ծառերուն տակէն փայտեր հաւաքող մարդ մը, մօտաւորապէս յիսուն տարեկան, կէս ձգեց գործը եւ մօտեցաւ մեզի: Փայտերու խուրձը դրաւ գետին ու պեխերուն տակէն լայն ժպտելով գրկեց մեր առաջնորդը, համբուրեց այտերը, եւ բարի գալուստ մաղթեց բոլորիս:
Անցանք մօտակայ ծածկին տակ, որպէսզի նստինք շուքին: Քիչ-քիչ սկսան մօտենալու ուրիշներ, բոլորն ալ տղամարդիկ ու իրարու այնքան նման, որ չիմացողն ալ կը հասկնար, թէ եղբայրներ ու հօրեղբօրորդիներ էին: Նեղ ու կարճ գաւաթներէն թէյը վեր քաշելով, աչքերու տակէն կը զննէին զիս, այդ օտար հիւրը, որ «սփիւռքի հայ» էր:
Իսկ ժամանակը կը սահէր… գիտէի, որ դարձեալ առիթ պիտի չունենայի այցելելու այդ գիւղը: Կէս ժամ ունէինք, ըսած էր առաջանորդը. որքա՞ն կարելի էր զրուցել այդ կարճ ժամանակահատուածին մէջ, ի՞նչ կարելի էր հասկնալ այդ մարդոց մասին: «Ձեր եղբօր Ս.ին հանդիպած եմ Պոլսոյ մէջ», ըսի մեր մէջ եղած սառոյցը կոտրելու յոյսով: Բայց սառոյցը հարիւր տարեկան էր. շատ չհալեցաւ: Ձախիս նստած երիտասարդ գիւղացիին հետ քիչ-քիչ զրոյցի անցանք, եւ ըսաւ, որ քրիստոնեայ են արդէն: Քիչ ետք սակայն, միջին տարիքի մարդ մը խօսքի մէջ մահմետական ըլլալու մասին արտայայտուեցաւ, քիչ մը ցուցադրաբար ըսելով՝ «Մենք հայ ենք, բայց մահմետական: Չըլլա՞ր…»:
Երբ ջերմ հրաժեշտներէ ետք սկսած էինք հեռանալու գիւղէն, մեր առաջնորդին հարցուցի, թէ այդ չորս-հինգ եղբայրները, որոնց հետ նստած էինք, քրիստոնեա՞յ էին, թէ մահմետական:
Քրիստոնեայ էին, ըստ առաջնորդիս ինքնավստահ պատասխանին:
Յաջորդ առաւօտ, երբ ես ու առաջնորդս քաղաքի ճաշարաններէն մէկուն մէջ կը նախաճաշէինք, պատահաբար ներս մտաւ նոյն այն գիւղացին, որ մահմետական ըլլալու մասին յայտարարած էր: Աչք աչքի եկանք: Անմիջապէս մօտեցաւ ու նստաւ մեզի հետ ու ջերմ ժպիտով նայեցաւ ինծի:
«Գիտե՞ս, ես երէկ հետդ անկեղծ չեղայ: Մահմետական չե՛նք: Բոլորս ալ, ես ալ, մկրտուած քրիստոնեաներ ենք արդէն… բայց երբ կը խօսէինք, տեղացի քիւրտ մըն ալ կար ձեզի հետ, ու չէի ճանչնար զինք: Մեր հայ ըլլալը չէի կրնար պահել արդէն, բայց գոնէ քրիստոնեայ ըլլալը գաղտնի պահել ուզեցի, կը ներես… ուրախ եմ, որ նորէն տեսայ քեզ: Մենք շատ սիրեցինք քեզ, եւ իսկապէս կ՛ուզենք, որ օր մը մեր գիւղը նորէն գաս ու մնաս երկար…»:
Կ՛երթա՞մ դարձեալ…
Սառցալերան գագաթը տեսած էի միայն…