ՊԸՐՊԵՆՔ.- Հայոց Ցեղասպանութեան 104ամեակին առթիւ, Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ քաղաքի ՀԵԴի «Վարագ» եւ «Կայծակ» ուխտերը, ՀՄԸՄի «Սիփան» մասնաճիւղը եւ Պըրպենքի հանրային երկրորդական վարժարանի Հայկական ակումբը կազմակերպած էին ոգեկոչման ձեռնարկ մը եւ մոմավառութեամբ հսկում մը, որոնք Երեքշաբթի, 16 Ապրիլին տեղի ունեցան յաջորդաբար Պըրպենքի քաղաքապետարանին մէջ եւ անոր առջեւ:
Ոգեկոչման ձեռնարկին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Էտըմ Շիֆ։
Քաղաքապետական խորհուրդի նիստին ընթացքին, քաղաքապետ Էմըլի Կէյպըլ Լատիի առաջնորդութեամբ, քաղաքային խորհուրդի անդամները վաւերացուցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը։ Նիստին ներկայ էին նաեւ՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերկաոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, նահանգային խորհրդարանի անդամ Լօրա Ֆրիտմըն եւ Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Քեթրին Պարկըր։
Նիստին ընթացքին ունեցած իր ելոյթի մէջ, քոնկրեսական Շիֆ շեշտեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը միայն անցեալին չի պատկանիր, այլ նաեւ մեր առօրեային, որուն համար յոյժ կարեւոր համարեց անոր ճանաչման ապահովումը, անտեսելով զայն ուրանալու համար բանեցուող բոլոր ճնշումները։ «Կը ճանչնանք Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ մեր կարելին պիտի ընենք, որ նման ոճիրներ չկրկնուին», եզրակացուց ան։

Իր կարգին, Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Սիլվա Քէշիշեան ցաւ յայտնեց, որ Թուրքիա կը շարունակէ ուրանալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ շեշտելով, որ անոր ճանաչումը ոչ միայն պիտի նպաստէ պատմութիւնը խեղաթիւրողներու դէմ պայքարին, այլ նաեւ առաջքը պիտի առնէ նման անարդարութեանց կրկնութեան։
Այնուհետեւ, քաղաքապետարանին առջեւ տեղի ունեցաւ մոմավառութեամբ հսկումը՝ նուիրուած Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ Անոր ընթացքին գործադրուեցաւ Պըրպենքի ՀԵԴի կրտսերներու «Կայծակ» ուխտի պատանիներուն պատրաստած գեղարուեստական յայտագիրը, որմէ ետք ելոյթներ ունեցան համայնքային ղեկավարներ, ներառեալ՝ Պըրպենքի միացեալ կրթաշրջանի վերահսկիչ Մեթ Հիլ եւ ՀԵԴի անդամ Թոնի Օրտուխանեան։