ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ուրբաթ, 3 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, «Ապրիլ» գրատան մէջ պիտի ցուցադրուի «Singing In Exile» («Երգ Աքսորեալ», 2015, 76 վայրկեան) վաւերագրական ֆիլմը, որմէ ետք տեղի պիտի ունենայ ֆիլմին նուիրուած քննարկում մը Ֆրանսայէն ժամանած երաժիշտներ՝ Վըրճինիա եւ Արամ Քերովբեաններու հետ։
Ներկայացումը մաս կը կազմէ Հայկական ֆիլմի ընկերակցութեան ձեռնարկներու շարքին։
Մուտքի սակը 15 տոլար է, սակայն ազատ է Հայկական ֆիլմի ընկերակցութեան անդամներուն համար: Անդամակցութեան կամ մասնակցութեան մանրամասնութեանց համար՝ դիմել (818) 243-4112 թիւին կամ այցելել www.itsmyseat.com/abrilbooks կայքէջը։
Նաթալի Ռոզեթիի եւ Թուրի Ֆինոչիարոյի բեմադրած ֆիլմը կը հետեւի Փարիզ հաստատուած երաժիշտներ՝ Վըրճինիա եւ Արամ Քերովբեաններու առաջնորդած «Ակն» համոյթին եւ «Թիաթր Զար» թատերական խումբին անդամներուն կողմէ դէպի Պատմական Հայաստան կատարուած շրջապտոյտին, որուն մասնակիցները ականատես կը դառնան հայկական մշակութային ժառանգութեան անհետացման։
Հայկական ֆիլմի ընկերակցութեան նպատակն է՝ ի մի բերել շարժապատկերի սիրահարները, որպէսզի անոնք դիտեն ֆիլմեր եւ անոնց մասին քննարկումներ կատարեն:
«Ապրիլ» գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել noor@abrilbooks.com կամ
armenkaraoghlanian@yahoo.com ե-հասցէներուն:
