ԵՐԵՒԱՆ.- Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ, մինչեւ ամրան վերջը պիտի գործէ «Հայոց Ցեղասպանութեան 150ամեայ վկաները. Կոմիտաս Վարդապետ եւ Յովհաննէս Թումանեան» խորագիրով ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը, որ պիտի հանրահռչակէ Ցեղասպանութեան պատմութեան հետ անոնց առնչութիւնը: «Արմէնփրէս»ը կը տեղեկացնէ, թէ բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 23 Ապրիլին:
«Ցուցադրութիւնը նուիրուած է Կոմիտաս Վարդապետի եւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150ամեակին: Ընտրուած է սոյն խորագիրը, որովհետեւ երկուքն շատ լաւ ընկերներ էին, բարեկամներ: Ցուցադրութեան ընթացքին չենք անդրադառնար անոնց գրական, երաժշտական վաստակին, այլ՝ առանցքը Հայոց Ցեղասպանութիւնն է եւ անոր հետ անոնց առնչութիւնը», յայտնեց թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան։
Ցուցադրութիւնը բացուեցաւ թանգարան-հիմնարկի ցուցադրութիւններու կազմակերպման բաժինի վարիչ Սեդա Պարսամեանի ջանքերով: Ան նկատել տուաւ, որ այսօր ամբողջ հայութիւնը կը նշէ Կոմիտաս Վրադապետի եւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150ամեակը: «Եւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը ոչ միայն չէր կրնար անմասն չմնալ, այլ շատ կարեւոր առաքելութիւն ունէր այս ուղղութեամբ: Ցուցադրութեան խորագիրը ինքնին կը յուշէ անոր նպատակը: Ցուցադրութիւնը ունի բովանդակային երկու հիմնական ուղղուածութիւններ. նախ՝ լուսաբանել երկու հանճարներու եւ բարեկամական եւ ստեղծագործական առնչութիւնները, ապա առաւել շեշտադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւանքներուն հետ վերջիններուս ունեցած անմիջական կապը», ըսաւ Պարսամեան:
Ցուցադրութեան բացման արարողութեան ներկայ էին նաեւ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան: «Որովհետեւ Թումանեան եւ Կոմիտաս առնչութիւն ունեցած են նաեւ ցեղասպանութեան նիւթին, այս ցուցադրութիւնը նաեւ կարեւոր է այդ հանգամանքով: Այստեղ ցուցադրուած է անոնցմէ իւրաքանչիւրին գործունէութիւնը, եւ Ցեղասպանութեան ազդեցութիւնը անոնց գործունէութեան վրայ: Խորհրդանշական է, որ ցուցադրութիւնը կը բացուի ցեղասպանութեան տարելիցի նախօրէին, եւ վստահ եմ, որ վաղը մեր հայրենակիցներէն շատեր նաեւ պիտի այցելեն այս թանգարանը եւ ծանօթանան այդ գործունէութեան», նշեց նախարարը:
Ցուցադրութեան մէջ ներառուած են Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին եւ Հայաստանի զանազան արխիւներու եւ թանգարաններու ֆոնտերուն մէջ պահուող բնօրինակ նիւթեր եւ բացառիկ պատկերներ: Առաջին անգամն ըլլալով պիտի ցուցադրուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած պիթլիսցի Աղաւնի Մկրտչեանի տեսաձայնագրութենէն հատուած մը Յովհաննէս Թումանեանի՝ Էջմիածնի մէջ գաղթականներուն օգնութիւն կազմակերպելու մասին: Ներկայացուած բացառիկ բնօրինակ նիւթերուն մէջ յատուկ է Ապրիլ 1915ին Չանկըր աքսորուած եւ սպաննուած մտաւորականներէն Վարդերես Աթանէսեանի՝ աքսորի ընթացքին պատրաստուած եւ մեզի հասած ուլունքաշար-համրիչը՝ բախտակից աքսորեալ 99 մտաւորականներու անուններուն փորագրութեամբ, եւ առաջին հատիկին վրայ Կոմիտաս Վարդապետին անունն է:
Ցուցադրութիւնը պիտի ուղեկցուի Թումանեանի «Անուշ» պօէմի հիման վրայ Կոմիտասի համանուն անաւարտ օփերայի երաժշտութեամբ:
Նշենք, որ Ցուցադրութեան բացումէն ետք, Յիշողութեան պուրակին մէջ տեղի ունեցաւ եղեւնիներ տնկելու հանդիսաւոր արարողութիւնը՝ ի յիշատակ Յովհաննէս Թումանեանի եւ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150ամեակներուն: Եղեւնիները տնկեցին Յովհաննէս եւ Սողոմոն անուններով երեխաներ: Ցուցադրութիւնը բաց պիտի մնայ մինչեւ 30 Օգոստոս 2019: