ՄՈՆԹԵՎԻՏԻՕ.- 24 Ապրիլին, Ուրուկուէյ գտնուող Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը խորհրդարանին մէջ հանդիպեցաւ այդ երկրի փոխնախագահ, հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Լուսիա Թոփոլանսքիի հետ:
Արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուց Ատրպէյճան-Արցախ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլը եւ կարգաւորման շուրջ արցախեան կողմին մօտեցումները:
Նախարար Մայիլեան եւ փոխնախագահ Թոփոլանսքի միտքեր փոխանակեցին Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակին, տարածաշրջանի կայունութեան պահպանման եւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատման շուրջ:
Նշենք, որ Մասիս Մայիլեանի Ուրուկուէյ այցելելութիւնը կազմակերպած է Ուրուկուէյի ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբը: