ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Ֆրենք Փալոն դատապարտեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ Ապրիլ 24ին կատարուած ակնյայտ հակահայկական եւ ուրացման արտայայտութիւնները:
«Ատելութեամբ լեցուն այն ելոյթը, զոր Էրտողան ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման օրը, պատմական փաստերու զզուելի ուրացում մըն է: Ես կը կանգնիմ Նիկոլ Փաշինեանի եւ աշխարհատարած հայերուն կողքին՝ դատապարտելով այս բիրտ մենատէրին կողմէ ուրացումը նոր մակարդակի իջեցնելու ջանքին դէմ», «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է Փալոն:
Նշենք, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս խստօրէն քննադատած էր Էրտողանի հակահայ եւ անմարդկային յայտարարութիւնները, զայն ատելութիւն հրահրող քայլ նկատելով: