ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) կը հաղորդէ, որ նախաքննական մարմինին պահանջով՝ քննչական գործողութիւններու մասնակցելու համար Հայաստան վերադարձաւ Ալեքսանդր Սարգսեան:
Մարտի սկիզբը, ԱԱԾն թոյլատրած էր Ալեքսանդր Սարգսեանին «որոշ ժամանակով» հեռանալու Հայաստանէն:
Նշենք, որ նախկին նախագահին եղբայրը՝ Ալեքսանդր (Սաշիկ) Սարգսեան մեղադրուած է խարդախութեամբ: