ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԵՍ.- Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ են ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան եւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան, Երկուշաբթի, 29 Ապրիլին, Պուէնոս Այրեսի մէջ հանդիպեցան Արժանթինի մէջ գործող հայկական կառոյցներու ներկայացուցիչներու հետ:
Առաջին հանդիպումը Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Արժանթինի մասնաճիւղի անդամներուն հետ էր: Այնուհետեւ, յաջորդաբար հանդիպումներ տեղի ունեցան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արժանթինի եւ Չիլիի թեմի առաջնորդ Գիսակ արք. Մուրադեանի, «Արժանթինի Հանրապետութեան Հայկական հաստատութիւններու» (IARA) ղեկավար կազմին, ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) եւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (ՀՄԸՄ) պատասխանատուներուն հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքում քննարկուեցան համազգային նշանակութիւն ունեցող հարցեր:
Յառաջիկայ օրերուն պատուիրակութիւնը շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենայ Արժանթինի քաղաքական եւ ակադեմական շրջանակներու հետ:
Պուէնոս Այրես ժամանելէ առաջ, Արցախի պատուիրակութիւնը Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթեվիտիոյի մէջ հանդիպած էր տեղւոյն խումբ մը օրէնսդիրներու, հանրային գործիչներու եւ գիտնականներու նախաձեռնութեամբ 2016ին կազմուած «Ուրուկուէյի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ֆորում»ի անդամներուն հետ:
Նշենք, որ պատուիրակութեան ղեկավար նախարար Մասիս Մայիլեան շեշտեց ֆորումի գործունէութեան կարեւորութիւնը եւ յայտնեց, թէ համոզուած է, որ անոր անդամներուն ջանքերով Ուրուկուէյի մէջ կարելի պիտի ըլլայ յաջողութեամբ շարունակել եւ արդիւնաւէտօրէն պաշտպանել Արցախի շահերը, բարձրացնել Արցախի մասին իրազեկուածութեան աստիճանը, ինչպէս նաեւ նպաստել Ուրուկուէյի եւ Արցախի միջեւ երկկողմ ու բազմաշերտ յարաբերութիւններու զարգացման: