Բանախօս՝ Վեր. ՎԱՉԷ ԷՔՄԷՔՃԵԱՆ
Ստորեւ, հակիրճ ձեւով կը ներկայացնենք ընդհանուր գիծերը այն բանախօսութեան, զոր վերապատուելի Վաչէ Էքմէքճեան ներկայացուց Կիրակի, 7 Ապրիլին, Այնթապի հերոսամարտի յիշատակման տօնակատարութեան, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Այնթապի Մշակութային միութեան կողմէ եւ ունէր գեղարուեստական բաժին, ինչպէս նաեւ բանախօսական երկրորդ բաժին մը: Տոքթ. Վաչէ Պալապանեան ներկայացուց իր մեծ հօր, հերոսամարտի մասնակիցներէն եւ ցեղասպաութենէն փրկուած սերունդի անդամներէն՝ վաստակաշատ դաստիարակ եւ մշակոյթի գործիչ Սարգիս Պալապանեանի (Պալապան խօճա) յուշագրութեան անգլերէնի թարգմանութեան նորատիպ հատորը, որ լոյս կը սփռէ ո՛չ միայն անձի մը, այլ ամբողջ սերունդի մը ապրած ոդիսականին ու վերականգնումի երթին վրայ։
Այնթապի հերոսամարտը պէտք է տեսնել իբրեւ մէկ մասնիկը 1914-1921 տարիներու հայկական ինքնապաշտպանական ճակատումներուն։ Այդ հերոսամարտերուն առաջիններէն եղաւ Զէյթունի 1914ի շարժումը, որուն յաջորդող տարիներուն արձագանգեցին Վանը, Ուրֆան, Սեբաստիան, Շապին Գարահիսարը, աւելի ուշ՝ Սարդարապատն ու Ղարաքիլիսան, իսկ բռնագաղթէն վերադարձի փուլէն ետք, Հաճընը եւ այլ քաղաքներ։
Իր ինքնապաշտպանական հերոսամարտով պատմութիւն կերտած Այնթապը ծանօթ է նաեւ իբրեւ մշակոյթի եւ գիտութեանց կեդրոն, հայ դպրութեան ռահվիրա մը, որուն պատմութեան այս երեսին վրայ կ՛ուզենք հակիրճ կերպով լոյս սփռել այսօր, զայն դիտելով հայութեան վերածնունդին ընդհանուր պատկերին մէջ։
Ա. ՀԱՅ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԸ
Հայ ազգային ինքնութեան վերածնունդը, որ կազմաւորուեցաւ 1840-1860 տարիներուն, իր լայն արձագանգը գտաւ նաեւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող հայկական գաւառներու մէջ, որոնց շարքին՝ հայկական Այնթապի մէջ։
Արեւմտահայաստանի զարթօնքի հիմնաքարերէն մէկը կը հանդիսանայ 1860ի Ազգային Սահմանադրութիւնը։ Անկէ առաջ, զարթօնքի ճամբան բացուած էր Խաչատուր Աբովեանով, Մխիթարեաններով եւ այլ ռահվիրաներով, իսկ մամուլն ու հրատարակչական աշխարհը ունեցան յատուկ դեր ու ազդեցութիւն։ Սահմանադրութեան զուգընթաց եւ յաջորդող փուլերուն, կը հանդիպինք այլ առաջնորդող դէմքերու, ինչպէս Խրիմեան Հայրիկը եւ ուրիշներ։
Այնթապը եւս ողջունեց հայութիւնը միասնութեան տանող այս ազդակը, դարձաւ կրթական, մշակութային, կրօնական եւ կուսակցական վերելքի օճախ մը, եղաւ այն կեդրոններէն մէկը, ուր հիմնուեցան վարժարաններ, ա-կումբներ, թանգարաններ (գրադարաններ), գիշերային լսարաններ եւ բարձրագոյն ուսմանց ուսումնարան մը՝ Քոլէճը։
Բ. ԱՅՆԹԱՊԻ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԶԱՐԹՕՆՔԻ ՍԿԻԶԲԸ
Այնթապի պատմութեան մէջ կը յիշատակուին անունները երկու վարժապետներու՝ Աբրահամ վարժապետի եւ Մուրատ Վարժապետի։ Անոնց «ձեռքին տակ» կը պատրաստուին այլ վարժապետներ՝ խալֆաներ, ինչպէս Աչազուրկ Գէորգ խալֆա, Պազար Պաշը Յակոբ խալֆա եւ Թոփճուօղլու Մանուկ խալֆա։
Մուրատ վարդապետ ծնած էր Հալէպ 1808ին, ուսանած է Կեսարիոյ Ս. Կարապետ վանքին եւ ապա Մարսէյի մէջ։ Նիկոդեմացի Աբրահամ վարժապետի միականի որդին էր։ Միականի ըլլալով հանդերձ, կը դառնայ մեծ ուսուցիչ։ 1828ին Պոլիսէն Այնթապ եկած է եւ կը նկատուի Այնթապի առաջին ուսուցիչը։ 1848ին զոհ գացած է քոլերայի։
Զարգացած եւ ուսում առած որոշ թիւով հայորդիներ (որոնք ունէին դպիր կոչումը), ունէին իրենց սեփական արհեստները, սակայն Կիրակի առաւօտները եկեղեցւոյ վերի սենեակներուն մէջ կամ շաբաթամիջին, տուներու մէջ անձնական դասեր կու տային. կը դասաւանդէին գիտութիւն, երգեցողութիւն, քերականութիւն, տրամաբանութիւն։ Այս նախաձեռնութեան նպատակն էր ուսում եւ լուսաւորութիւն տարածել նոր սերունդին մէջ։ Անոնց դասաւանդութիւնը կը կոչուէր «Եոքարի մեքթէպ», քանի որ տեղի կ՛ունենար հայոց եկեղեցւոյ շրջափակի վերի սենեակներուն մէջ։
Այս դրութիւնը ժամանակի ընթացքին կ՛ապրի զարգացում եւ ճամբայ կը բանայ դպրոցներու գործունէութեան։ Այսպէս, «վերի վարժարան»ներէն՝ «Եոգարի Մեքթէպ»ներէն մէկը կը զարգանայ եւ կը դառնայ «Հայկանոյշեան Աղջկանց Վարժարան», (որ գործած է 1878-1915)։ Առաջին տեսուչը եղած է Արմենակ վարժապետ Պաղտասարեան։ Մէկ տարուան մէջ արձանագրուողներու թիւը հասած է 1206ի։
Այնթապ եղած է Անատոլիոյ առաջին քաղաքը, որ որդեգրած է իգական սեռի պաշտօնական կրթութիւնը (սկսած է 1852ին, ամերիկացի միսիոնարներու կողմէ. ունեցած է գիշերօթիկի բաժին)։ Դպրոցի նիւթական միջոցները կ՛ապահովուէին Միլլէթ Խանի եկամուտէն։ Աւելի ուշ հիմնուած է Հռիփսիմեանց Պարզասիրաց Ընկերութիւնը։
Ազգային Ներսէսեան վարժարանի (1856-1915) հիմնադրութիւնը այս մթնոլորտին մէկ արդիւնքն էր։ Նիկողոս Աղա Նազարէթեանի նիւթական հիմնական ներդրումով սկսած է գործելու Չուխուր թաղամասին մէջ, երկու յարկի վրայ ութ սենեակ ունեցող կառոյցով։ Անոր աշակերտութեան թիւը հասած է մինչեւ 400ի։ Դպրոցի նիւթական մատակարարման հիմնական աղբիւրը կ՛ըլլայ Միլլէթ Խանը, որ կառուցուած էր Յովսէփ Սարկաւագի կտակին շնորհիւ։ Տուած է բազմաթիւ ականաւոր շրջանաւարտներ եւ գործիչներ, որոնց շարքին են Այնթապի ծաւալուն պատմութեան հեղինակը՝ փրոֆ. Գէորգ Սարաֆեան եւ ուրիշներ։ Այս վարժարանին յարկին տակ էր որ առաջին անգամ հայոց պատմութիւն կը դասաւանդուի շրջանին մէջ։
Նշանաւոր էր նաեւ Վարդանանց Մեսրոպեան Սանուց վարժարանը, որ աւելի ուշ կոչուած է Վարդանեան վարժարան։ Սկսած է իբրեւ Վարդանեան Մատենադարան ընկերութիւն (Հիմնուած՝ 1867), ապա վերածուած է Վարդանեան վարժարանի։ Ունէր ամսաթերթ՝ «Դրախտ», Վահան Քիւրքճեանի խմբագրութեանբ։
Ա. Աշխարհամարտէն ետք, երբ հայերը կը վերադառնան Այնթապ, կը կազմակերպեն միացեալ վարժարան մը, համայնքներու միացեալ ջանքերով եւ մասնակցութեամբ։ Վերապրողներուն թիւը նման հարկադրանք ստեղծած էր, նաեւ մշակոյթի հաւատարմութիւնը դպրոցի գործ թելադրած էր…
Յիշատակութեան արժանի է Կիլիկիոյ Գիշերօթիկ վարժարանը (1873-1877), որ մէկ նախաձեռնութիւնն էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Մկրտիչ Քեֆսիզեան կաթողիկոսին, եւ սկզբնական շրջանին գործած է Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ։ Անոր գլխաւոր նպատակը եղած է կրօնաւորներ պատրաստել։ Երեք տարուան գոյութենէ ետք, այս դպրոցը կը փակուի, անոր աշակերտները կը նախաձեռնեն «Եդեմական» ընկերութիւն մը, որ հետագային կը վերանուանակոչուի «Ադենական», նպատակ ունենալով հիմնել որբանոց մը։ Որբանոցը կը գործէ 1885-1886 տարիներուն։ Ապա, հաստատութիւնը կը վերածուի (1911) երկրորդական վարժարանի եւ կը գործէ մինչեւ բռնագաղթի եւ ցեղասպանութեան տարին՝ 1915։ 1913ին ունէր 238 աշակերտ, ունէր նաեւ Կիրակի օրուան լսարան։
Հայ Աւետարանական վարժարանները գործած են Հայ Աւետ. եկեղեցւոյ հովանիին տակ։ Այնթապի Հայ Աւետարանական Ա. եկեղեցին հիմնուած էր 1848ին. կ՛ունենայ իր վարժարանը, որ տարուէ տարի բարձրանալով՝ կը դառնայ քաղաքի առաջին բարձրագոյն վարժարանը (Իտատի). անոր կը յաջորդէ Կիլիկիոյ Ճեմարանը, 1854ին։
Եթէ այս ցանկը ուզենք մէկտեղել, պիտի ունենանք ուսումնարաններու հետեւեալ պատկերը (բացի գրչագիրներու հիմնած դպրոցներէն ու թաղային մանկապարտէզներէն).
– Կեդրոնական Թուրքիոյ քոլեճ, 1873
– Աղջկանց Ամերիկեան Բարձրագոյն վարժարան – 1860-1935
– Վարդանեան Կրթարաններ, 1867-1882
– Ադենական 1885-1915. նախ որբանոց, ապա՝ երկրորդական վարժարան
– Կիլիկեան Ճեմարան, 1912-1915
– Աբրահամ եւ Մուրատ վարժապետներու դպրատուն, 1815-1830
– Հայկանոյշեան Աղջկանց վարժարան, 1878-1915
– Վերի Վարժարան – Եօքարը մեքթեպ
– Ներսէսեան վարժարան, 1856-1915 (500 աշակերտներով)
– Վարի վարժարան – Աղաշը մեքթեպ
– Կիլիկիոյ Գիշերօթիկ վարժարան, 1873-1877
– Հայ Աւետարանական Առաջին վարժարան, 1854
– Հայկազեան վարժարան, 1888-1915
– Թանգարան Ընկերութեան Գիշերային վարժարան, 1858-1878
– Մեսրոպեան Սանուց վարժարան, 1874-1878
– Հռիփսիմեանց վարժարան, 1905-1915:
Այս բոլորին կողքին, յատուկ յիշատակութեան արժանի է «Կեդրոնական Թուրքիոյ քոլեճ»ը, աւելի ծանօթ՝ Այնթապի քոլեճ անունով, հիմնուած 1874ին, որ յաջորդ քառասուն տարիներուն լաւագոյն կրթութիւնը եւ մասնագիտական ուսուցմունք պիտի տրամադրէր շրջանին։ Ի տարբերութիւն Պոլսոյ «Ռապըրթ քոլեճ»ին եւ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին, այս համալսարանը առաւելաբար գործած է տեղական միջոցներով։ Մասնագիտական ուսմանց շարքին էին բժշկութիւն եւ վիրաբուժութիւն։ Այս հաստատութեան պատմութիւնն ալ ապրած է թրքական ազդեցութեանց եւ միջամտութեանց պարտադրած վերիվայրումները…
Այնթապ ունեցած է նաեւ մամուլ. յիշատակենք մէկ քանին. 1874ին, Այնթապի հայերը «Դրախտ» ձեռագիր թերթը կը հրատարակեն Մեսրոպեան Սանուց վարժարանին մէջ։ Կ՛ունենան նաեւ, 1908ի սահմանադրութենէն առաջ՝ «Մենտոր»ը, 1872ին՝ «Այնլեպեն»ը, 1875ին՝ «Բիւրական»ը, 1876ին՝ «Եդեմ-Ադէն»ը, 1876ին՝«Շիրակ»ը, 1877-78ին՝ «Դրախտ»ը, 1878ին՝ «Սետայը-Հագիգաթ»ը, 1897-1900ին՝ «Առաջին Քայլեր»ը, 1898-99ին՝ «Դողղոջուն Քայլեր»ը, 1909ին՝ երգիծական «Շամպապինօ»ն, 1909ին՝ «Ճշմարտութեան Նշոյլներ»ը, 1911ին՝ «Ենի Էօմր»ը, 1914ին՝ «Հագիգաթ»ը, «Ուսումնասիրաց»ը եւ 1914-1915ին՝ «Կիլիկիա»ն։
Բարերար իւրայատուկ դեր ունեցած են լսարանները եւ թանգարան-միութիւնները։ Աշխատաւոր դասուն համար, անոնք կազմակերպած են երեկոներուն հաւաքներ, տրամադրելու համար կրթութիւն, գիտութիւն եւ այլ վարժութիւններ։ 1860ին սկսած է գործելու «Ուսումնասիրաց Թանգարան Միութիւն»ը, որ Այնթապի առաջին անվճար գրադարանն էր։ 1867-1882 տարիներուն գործած է «Վարդանեան Թանգարան Միութիւն»ը՝ իբրեւ ներշնչման աղբիւր ունենալով Վարդանանց հերոսամարտի տօնակատարութիւնը։ Յիշատակենք նաեւ, որ այս ընկերակցութիւնը հիմնած է առաջին համագործակցականը՝ քօ-օփերաթիֆ, որ ունէր երեք վաճառատուներ, շուրջ երեք հարիւր անդամ եւ հաստատուած էր չորս հարիւր օսմանեան ոսկիի դրամագլուխով։
Այս արագ ակնարկին մէջ արձանագրենք նաեւ որբանոցներու բարերար աշխատանքը, ինչպէս նաեւ շինարար վարպետներու վաստակը, որ տարածուած է Այնթապի սահմաններէն շատ անդին, հասած է մինչեւ Քեսապ։
Գ. ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԸ՝ 1 ԱՊՐԻԼ 1920ԷՆ ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1921, 314 ՕՐ
Ինչպէս նշեցինք, Այնթապի հերոսամարտը պէտք է դիտել 1915-1921 տարիներու մեր հերոսամարտերուն ծիրին մէջ, իբրեւ անոնց մէկ մասնիկը, սկսելով Զէյթունէն ու Վանէն, անցնելով Ուրֆայէն, Սասունէն, Մուսա լեռէն, հասնելով Հաճըն, Տէօրթ-Եօլ, Մարաշ եւ Այնթապ։ Պատմութիւնը ծանօթ է, սակայն անկէ մեզի կը հասնին անջնջելի պատգամներ, ինչպէս՝ հաւատարմութիւն հաւաքական ենթագիտակիցին, հաւատարմութիւն հայութեան հաւաքական ինքնութեան եւ լեզուին ու մշակոյթին, եւ այդ, քաջ գիտնալով Սփիւռքին դէմ բարձրացող մեծ մարտահրաւէրները։ Այլ պատգամ մըն է հաւատարմութիւն հայկական միասնութեան, որ մարմնաւորուեցաւ հերոսամարտի օրերուն, երբ կուսակցութիւններ եւ յարանուանութիւններ, երիտասարդ ու տարեց, կին ու պատանի-մանուկ մէկ ձեռք դարձան ընդդէմ թշնամիին, վերջապէս՝ յանձնառութիւն վերապրումի եւ ազգային հաւաքական ժառանգութեան տիրութեան։ Այս ծիրին մէջ, կոչուած ենք հաւատարիմ մնալու նաեւ մեր կրօնական ինքնութեան ու այն եկեղեցիներուն, որոնք կերտուած են մեր պապերուն կողմէ։
Աղբիւրներ
– «Պատմութիւն Այնթապի Հայոց» դոկտ. Գէորգ Սարաֆեան, 1953, Ամերիկա.
– «Փրոֆ. Ալեքսան Պեզճեանի Յոբելենական Ճառը», «Աւետաբեր», 1950, Vol. 2, էջ 39-41
– Սւազլեան, 2016 «The Self Defensive Battles For Survival Of The Western Armenians During The Years Of The Armenian Genocide (1915-1923)». Fundamental Ar-menology, 1 (3).
– Kennedy, J. (2008). «American Missionaries In Turkey And Northern Syria And The Development Of Central Turkey And Aleppo Colleges», 1874-1967.
– Դոկտ. Սեդա Տատոյեան, «Հայ Վիճակը Յետահայեցութեամբ Եւ Նախահայեցութեամբ – Վերլուծում Մը», 2015.
– Sarafian K. «A Briefer History Of Aintab». Union of Armenians of Aintab, USA.: