
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Պի.Պի. Սի.».- Շարունակելով Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր մարմինին իրաւասութիւնները ոտնակոխելու քաղաքականութիւնը, Թրամփի վարչակազմը, այս անգամ յանձին ընդհանուր դատախազ Ուիլեըմ Պարի՝ մերժեց Ներկայացուցիչներու տան Արդարադատութեան յանձնախումբին յանձնել 2016ի նախագահական ընտրութեան ընթացքին ռուսական միջամտութեան վերաբերող յատուկ դատախազ Ռապըրթ Միւլըրի ամբողջական զեկուցումը, որմէ անմիջապէս ետք ընդհանուր դատախազը յանդիմանելու առաջարկ ներկայացուեցաւ Ներկայացուցիչներու տան, Արդարադատութեան յանձնախումբին ատենապետ Ճերի Նետլըրի կողմէ։
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու գանձային բաժանմունքը 6 Մայիսին արդէն մերժած էր Թրամփի եկամտահարկերը Ներկայացուցիչներու տան կողմէ յառաջ տարուող հետաքննութեան յանձնելու պահանջը, մինչ Թրամփ դատ բացած էր՝ կասեցնելու համար իր գործարարական հաշիւներուն մանրամասնութիւնները գերմանական «Տէօչըպենք» եւ ամերիկեան «Քեփիթըլ Ուան» դրամատուներէն ստանալու նպատակով ներկայացուած քոնկրեսական դիմումներուն գործադրութիւնը։
Թրամփ նաեւ դէմ կը դնէ իր նախկին փաստաբանէն՝ Տան ՄըքԿենէն վկայութիւններ ստանալու քոնկրեսականներուն փորձերուն։