ԼՈՆՏՈՆ, «Պի.Պի.Սի.».- 6 եւ 7 Մայիսին, սուրիական բանակը դէմ դրաւ Իտլիպի հարաւային եւ Համայի հիւսիսային արուարձաններուն ուղղութեամբ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու շարունակական յարձակումներուն եւ յառաջացման փորձերուն ու խստօրէն հակադարձելով, ծանր վնասներ պատճառեց:
Յիշեցնենք, որ Իտլիպ հաւաքուած են իսլամ ծայրայեղական զանազան խմբաւորումներու զինեալներ, ներառեալ «Իսլամական պետութեան» անդամներ, որոնք Սուրիոյ այլ շրջաններու մէջ պարտութիւն կրած էին։
Լոնտոն հաստատուած Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանի աղբիւրներուն համաձայն՝ վերջին երկու օրերուն կառավարութեան եւ ահաբեկիչներուն հակակշիռին տակ գտնուող շրջաններուն փոխադարձ ռմբակոծումներուն իբրեւ հետեւանք՝ սպաննուեցան առնուազն 77 քաղաքացիներ։
Սպաննուեցան նաեւ 49 իսլամ ծայրայեղականներ եւ ապստամնբեր, ինչպէս նաեւ 36 սուրիացի զինուորներ ու անոնց կողքին կռուող զինեալներ։
ՄԱԿի տուեալներուն համաձայն՝ վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին Իտլիպ նահանգէն հեռացած են 152,000 քաղաքացիներ։