Ցեղասպանութեան 104ամեակին ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլի երեկոյեան, Քսանթիի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ Թաղային խորհուրդի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ համերգ՝ եկեղեցական եւ ժողովրդական երգերով, Քսանթիի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ:
Ձեռնարկը պատուեցին Քս-անթիի մետրոպոլիտ Փանտէլէիմոն, քաղաքապետը եւ քաղաքապետական եւ այլ խորհրդականներ:
Ներկայ էին շրջանի հոգեւոր հովիւ Յովհաննէս վրդ. Սաղտճեան, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ Զապէլ Այվազեան, Միջ-թաղային խորհուրդին կողմէ Մարի Գալայճեան, կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ հայ եւ յոյն ժողովուրդ:
Բացման խօսքը կատարեց Մելին Գարաօղլանեան, որ կարճ անդրադարձ մը կատարեց Ցեղասպանութեան դէպքերուն մասին եւ իր ապրումներն ու զգացումները յայտնեց Հայաստան եւ Ծիծեռնակաբերդ իր այցելութեան վերաբերեալ: Ապա ան ներկայացուց Կոմիտաս վարդապետի կենսագրականը՝ նկատի ունենալով, որ համերգի երգերուն մեծ մասը Կոմիտասէն էին: Շարունակելով՝ ան ընթերցեց սոփրանօ Հռիփսիմէ Դանիէլեանի կենսագրականը ու հրաւիրեց զայն, ինչպէս նաեւ Նելի Սթախոսիտուն, որ ընկերակցեցաւ դաշնակի վրայ բոլոր երգերուն: Դանիէլեան մեներգեց 14 երգեր՝ սկսելով «Սուրբ Սուրբ», «Ամէն, Հայր Սուրբ» եւ ան շարունակեց Կոմիտասի եւ այլ յօրինողներու երգերով: