Պատրաստեց՝ ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ
– «(Ապտուլ) համիտեան Կոտորածները», «Հայ Դատը Արաբական Մամուլին Մէջ 1876-1923» մատենաշար, Բ. հատոր, գիտական հսկողութիւն՝ Մուհամմէտ Ռիֆաաթ ալ-Իմամ, հրատարակիչ՝ Գահիրէի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան «Սաթենիկ Չաքըր» հիմնադրամ, տպարան «Նուպար», Գահիրէ, 2018. Ա. գիրք՝ Յունուար 1894-Յուլիս 1895, Բ. գիրք՝ 1 Օգոստոս 1895-15 Նոյեմբեր 1895, Գ. գիրք՝ 16 Նոյեմբեր 1895-30 Ապրիլ 1896, Դ. գիրք՝ 1 Մայիս 1896-31 Դեկտեմբեր 1896 (սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ.ի հայկական կոտորածներուն մասին արաբական, մասնաւորաբար եգիպտական մամուլին մէջ լոյս տեսած հրապարակումները՝ հրապարակման լուսապատճէնին եւ համակարգչային շարադրանքին հանդիպադրութեամբ, ծանօթագրութիւններ):
– Բալիկ (Բալայեան) Եզնիկ, «Առակներ», «Նոր Կեանք»ի մատենաշար թիւ 41, Լոս Անճելոս, 2018, 182 էջ (97 առակ, պատկերազարդ): Լոյս տեսած է «Նոր Կեանք» թերթի երկարամեայ խմբագիր ու հրատարակիչ Գրիգոր Շէնեանի մեկենասութեամբ՝ ի յիշատակ իր տիկնոջ՝ Արշօ Շէնեանի:
– Թաշճեան Վահէ (կազմող եւ խմբագիր), «Ամէնօրեայ Կեանքը Խորխորատին Մէջ. Ցեղասպանութեան Օրագիր, 1915-1918», թարգմանութիւն հայերէնէ, Berghahn Books, Նիւ Եորք – Օքսֆորտ, 2019, 220 էջ (Սուրիոյ անապատները տարագրուած երկու հայ ընտանիքներու գոյապայքարի օրագրութիւնը, 15 լուսանկար, 1 քարտէս, օգտագործուած գրականութեան ցանկ, անուանացանկ), անգլերէն:
– Ծառուկեան Անդրանիկ, «Թուղթ Առ Երեւան», հայերէնէ թարգմանեցին Թաթուլ Սոնենց-Փափազեան եւ Ռուբէն Ճանպազեան, յառաջաբանի հեղինակ՝ Վահէ Հապէշեան, Create Space Independent Publishing Platform, տպարան «Հայրենիք», Ուոթըրթաուն, Միացեալ Նահանգներ, 119 էջ, 15,2 x 22,9 սմ., (Ա. Ծառուկեանի հռչակաւոր պոէմի առաջին անգլերէն թարգմանութիւնը):
– Կոթշլիխ Եուրկան, «Ցեղասպանութեան Մեղսակցութիւն. Գերմանիոյ Դերը Հայոց Բնաջնջման Մէջ», գերմաներէնէ թարգմանիչներ՝ Ժորժ Պարլեր եւ Սիմոն Պարլեր, BKF հրատարակչութիւն, տպարան Hubert u Co., Կէօթինկեն, Հոկտեմբեր 2018 (2015ի Մարտին գերմաներէնով լոյս տեսած հատորին թարգմանութիւնը. նախաբան, վերջաբան, յաւելուած՝ փաստաթուղթեր, ծանօթագրութիւններ, օգտագործուած գրականութեան ու եզրոյթներու ցանկեր, եւ այլն, քարտէսներ, լուսանկարներ), ֆրանսերէն:
– Պապիկեան Յակոբ, «Ատանայի Կոտորածները. Ականատեսի Հաշուետուութիւն», թարգմանիչ, վերաքննիչ, յառաջաբանի եւ ծանօթագրութեանց հեղինակ՝ Ա. Կիւրեղեան, Հայկազեան համալսարանի հրատարակչութիւն, Պէյրութ, 2018, 140 էջ (Օսմանեան խորհրդարանի հայազգի իթիիհատական երեսփոխան, Կիլիկիոյ 1909ի ապրիլեան կոտորածները հետաքննած խորհրդարանական յանձնախումբի անդամ Յակոբ Պապիկեանի հաշուետուութիւնը ջարդերու վայրերն այցելելէ յետոյ), անգլերէն:
– Քոչարեան Ռոպերթ, «Կեանք Եւ Ազատութիւն. Հայաստանի Եւ Ղարաբաղի Նախկին Նախագահին Ինքնակենսագրութիւնը», ծրագրի խորհրդական՝ Մարք Ռոզին, խմբագիրներ՝ Վասիլի Փոտոպետ եւ Մարինա Քոսթրոմինա, «Ինթելեքթուալնայա Լիթերաթուրա» հրատարակչութիւն, Մոսկուա, 2019, 502 էջ, (15 x 21 սմ., (Ռոպերթ Քոչարեանի կեանքի ուղին, գունաւոր եւ սեւ-ճերմակ լուսանկարներ, գիրքին մէջ յիշատակուող անձերու կենսագրական համառօտ տուեալներ, անձնանուններու ցանկ), ռուսերէն: Գիրքը ստեղծուած է Իրինա Ապրամովայի մասնակցութեամբ:
– Օրմանեան Մաղաքիա արքեպիսկոպոս, «Հայոց Եկեղեցին», վերահրատարակութիւն Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան «Յովակիմեան» մատենաշարի թիւ 8, աշխատասիրող եւ ներածական խօսքի հեղինակ՝ Վաղինակ սարկաւագ Սերովբեան, Պոլիս, 2018, 288 էջ (վաստակաւոր եկեղեցականի՝ 1911ին առաջին անգամ լոյս տեսած աշխատութեան վերահրատարակութիւնը, Օրմանեանի կենսագրութիւնը եւ լուսանկարը, հատորի հայերէն եւ օտարալեզու հրատարակութեանց մատենագիտութիւնը, Ամենայն Հայոց, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեանց եւ Երուսաղէմի ու Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեանց գաւազանագիրքը, անձնանուններու, տեղանուններու եւ այլ յատուկ անուններու ցանկեր ու այլ նիւթեր): Լոյս տեսած է Սելմա Իսկենտէրէօզի մեկենասութեամբ՝ ի յիշատակ իր ծնողաց՝ Սելիմ եւ Սիրանոյշ Իսկենտէրի:
– «Արեւմտահայերէնը 21րդ Դարուն. Մարտահրաւէրներ Եւ Նոր Մօտեցումներ», խմբագիրներ՝ Պետրոս Տէր Մաթոսեան եւ Պառլօ Տէր Մկրտիչեան, Հայագիտական Ուսմանց ընկերութեան հրատարակութիւն, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի հրատարակչութիւն, Լոս Անճելըս, 2019 (10 հեղինակներու ուսումնասիրական յօդուածներու ժողովածու), անգլերէն: Լոյս տեսած է Գալուստ Կիւլպենկեան հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքի նիւթական օժանդակութեամբ:
– Աքչամ Թաներ, «Սպանութեան Հրամաններ – Թալէաթ Փաշայի Հեռագրերն Ու Հայոց Ցեղասպանութիւնը», անգլերէնէ թարգմանեց Անդրանիկ Իսրայէլեան, խմբագիր՝ Արմէն Սարգսեան, «Newmag» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2019:
– Գառնուզեան Ճէյմզ վեր., «Վերադարձ Դէպի Այրարատեան Լեռնաշխարհ», «Առաջին Հայկական Համագումարը (3-6 Սեպտ. 1979, Փարիզ)», հրատարակութիւն «Սփիւռք» պարբերաթերթի – Լիբանան, Երեւան, «Տիգրան Մեծ» հրատարակչութիւն, 2019, 228 էջ (հրատարակիչին ներածական խօսքը, Արարատիզմի գաղափարախօս վեր. Ճէյմզ Գառնուզեանի (1926-1998) գրքոյկին վերահրատարակութիւնը, համագումարին ամբողջական թղթածրարը, յաւելուած):