ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Աւանդութեան վերածուած «Էլեմընթ» երաժշտական խումբին տարեկան համերգը՝ հռչակաւոր «Ֆորտ» սրահին մէջ, տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 23 Յունիսին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, հրամցնելով հայկական ժողովրդային երգերու իր իւրայատուկ մշակումները։
Բացօթեայ «Ֆորտ» սրահին մէջ, «Էլեմընթ»ի այս տարուան ելոյթէն անմիջապէս առաջ, ներկաները առիթը պիտի ունենան վայելելու նաեւ Միքայէլ Ոսկանեանի եւ իր նուագախումբին երաժշտական կատարումները։
Տոմսերու սակը 35, 45 կամ 65 տոլար է: Տեղեր ապահովելու համար՝ դիմել (323) 461-3673 թիւին կամ այցելել՝ www.fordtheatres.org/calendar/element-band-june-23 կայքէջը:
Սրահին հասցէն է՝ 2580 Cahuenga Blvd, Los Angeles, CA 90068: