ԳԻՒՄՐԻ, «Արմէնփրէս».- Գիւմրիի Վարդանանց հրապարակին վրայ, ուսանողական ցուցադրական բեմադրութեամբ՝ ազդարարուեցաւ Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) հիմնադրման 100 ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու մեկնարկը:
Ուսանողները զանազան ոճերու երաժշտութեան հետ հանդէս եկան պարային կատարումներով՝ տօնական տրամադրութիւն փոխանցելով գիւմրեցիներուն եւ հրապարակին վրայ գտնուող զբօսաշրջիկներուն: Ուսանողները նաեւ համալսարանի 100ամեայ գործունէութեան մասին պատմող տեղեկատուական գրքոյկներ բաժնեցին անցորդներուն:
Հայաստանի Մայր համալսարանի յոբելեանին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող յանձնաժողովը մեկնարկը որոշած է սկսիլ Գիւմրիէն, որովհետեւ ճիշդ այս քաղաքին մէջ էր, որ 16 Մայիս 1919ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախարարներու խորհուրդը Երեւանի մէջ համալսարան հիմնելու վերաբերեալ որոշում տուած էր: 31 Յունուար 1920ին, Ալեքսանդրապոլի (այժմ՝ Գիւմրի) առեւտրական դպրոցի շէնքին մէջ, մեծ շուքով կատարուած էր Հայաստանի համալսարանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցած էին Հանրապետութեան ղեկավարները եւ արտասահմանէն բազմաթիւ հիւրեր: Համալսարանական դասերու մեկնարկը տրուած էր նշանաւոր հայագէտ Ստեփան Մալխասեանցի՝ 1 Փետրուար 1920ին կարդացած դասախօսութեամբ:
Առաջին ուսումնական տարեշրջանին, համալսարանը ունեցած է մէկ՝ պատմալեզուաբանական բաժանմունք, 262 ուսանող եւ 32 դասախօս: Ի պատիւ համալսարանի առաջին տնօրէն Եուրի Ղամբարեանի՝ հիմնադրման առաջին իսկ տարին համալսարանին մէջ դասախօսելու հրաւիրուած էին արտասահմանեան համալսարաններ աւարտած, մանկավարժական ու գիտական աշխատանքի փորձառութիւն ունեցող այնպիսի անուանի մասնագէտներ, ինչպիսիք էին՝ Յակոբ Մանանդեան, Մանուկ Աբեղեան, Ստեփան Մալխասեանց եւ ուրիշներ: Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք, Հայաստանի Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութեան առաջին լուսժողկոմ (կրթութեան նախարար) Աշոտ Յովհաննիսեանի «Երեւանի համալսարանի վերակազմութեան մասին» հրամանով, 17 Դեկտեմբեր 1920ին, Հայաստանի համալսարանը վերանուանուեցաւ Երեւանի ժողովրդական համալսարան: Երեւանի մէջ վերաբացուած համալսարանի տնօրէն ընտրուեցաւ հայագէտ Յակոբ Մանանդեան:
Երեւանի պետական համալսարանի յոբելենական յանձնաժողովին նիստը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 16 Մայիսին, Գիւմրիի նոյն կառոյցին մէջ: Ողջունելով միջոցառման բոլոր մասնակցողները՝ համալսարանի տնօրէն Արամ Սիմոնեան անդրադարձաւ յոբելենական տարուան ձեռնարկներուն եւ հրապարակումներուն:
«Բուհի յոբելեանական տարուայ միջոցառումների յանձնախումբն արդէն 3 տարի է ստեղծուած է եւ միջոցառումները, ըստ ծրագրածի՝ ընթանում են, իսկ դրանք բազմաբնոյթ ու բազմաբովանդակ են: Շատ յագեցուած», նշեց Սիմոնեան՝ առանձնացնելով 26էն 28 Սեպտեմբեր ծրագրուած ձեռնարկները: Մինչ այդ կը վերանորոգուի բուհի երրորդ յարկի դահլիճը, կը գումարուին միջազգային գիտաժողովներ, ընդունելութիւններ, պարգեւատրումներ եւ մշակութային ձեռնարկներ:
«Վերջին 15 տարիների ընթացքում բուհը մեծ նուաճումներ է ունեցել: Յուսանք այդ նուաճումները կը շարունակուեն ու կը գտնուեն նուիրեալներ, ովքեր կը շարունակեն այդ ազգասէր գործը: Համալսարանը առաջընթաց ապրող օրգանիզմ է», իր խօսքին մէջ նշեց Երեւանի պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան ամպիոնի տնօրէն Արծրուն Աւագեան: