ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ ԿԷՏԻԿԵԱՆ
Հինգշաբթի, 16 Մայիսի երեկոյեան, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Կէօնճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բժիշկ Օհան Թապաքեանի «Յուշեր Եւ Ապրումներ Երազային Հալէպէն» եւ «Բժիշկին Կեանքէն Ապրուած Պահեր» գիրքերուն շնորհահանդէսը՝ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան, ներկայութեամբ Սուրէն արք. Գաթարոյեանի, համազգայնականներու, բարեկամներու, ինչպէս նաեւ գրասէր ու ընթերցասէր հոծ բազմութեան մը:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Նանոր Աշնա Սնապեան-Լիպարեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները յայտնեց, թէ բժիշկին ծննդավայրը Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը կը կարծուի, որովհետեւ ան իր պատանութիւնն ու երիտասարդութեան վաղ տարիները անցուցած է Հալէպի մէջ, սակայն փաստօրէն անոր իսկական ծննդավայրը Դամասկոսն է: Անկէ ետք, Նանորը ընթերցեց «Ծննդավայր» վերնագիրով երկու բանաստեղծութիւններ, որոնցմէ մէկը գրած է Վահագն Դաւթեան, իսկ միւսը՝ Համօ Սահեան:
«Յուշեր Եւ Ապրումներ Երազային Հալէպէն» գիրքը ներկայացուց Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան, որ նախ անդրադարձաւ գիրքին մասերուն՝ ըստ գրութիւններուն խորքին, ապա անոնցմէ իւրաքանչիւրին անդրադարձաւ՝ մերթ ընդ մերթ մէջբերումներ կատարելով:
«Գիրքը անձնական յուշապատում ըլլալէ աւելի ունի վաւերագրական արժէք: Հատորը գրեթէ ամբողջական պատկերացում մը կու տայ Հալէպի կեանքին, մարդոց ապրելակերպին, բարքերուն ու սովորութիւններուն, զգացական աշխարհին, մտածելակերպին, վարքին ու հոգեբանութեան մասին, որովհետեւ հեղինակը չի բաւարարուիր իր անձնական յուշերը պատմելով, ան կը նկարագրէ նաեւ շրջապատը, մարդիկը, դրացիները, թաղեցիները, թաղի եւ դպրոցի ընկերները, ինչպէս նաեւ անոնց հետ կապուած խաղերը, արկածախնդրութիւններն ու յուշերը»:
Հեղինակին լեզուին ու ոճին անդրադառնալով Թիթիզեան յայտնեց. «Հեղինակին ոճը կը յատկանշուի յստակութեամբ, միտքերն ու զգացումները բացայայտ են, չկայ ցուցամոլութիւն իր նախադասութիւններուն կառուցուածքին մէջ: Հեղինակը իր գրելիքը վերականգնած է իր մտապատկերին մէջ եւ ամենայն հարազատութեամբ՝ յանձնած թուղթին, առանց որեւէ պճնազարդումի դոյզն ճիգի»:
Խօսք առաւ Սուրէն արք. Գաթարոյեան, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բժիշկ Թապաքեանին՝ հատորը իրեն ձօնած ըլլալուն առթիւ, ապա վեր առաւ բժիշկին երեւոյթներն ու անձնաւորութիւնը դիտելու, զննելու ապա զանոնք հարազատօրէն թուղթին յանձնելու կարողութիւնը:
«Բժիշկին Կեանքէն Ապրուած Պահեր» գիրքը ներկայացուց «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գրական յաւելուածի խմբագիր Վիգէն Աբրահամեան: Ան գիրքին բովանդակութիւնը ներկայացնելէ ետք՝ ըսաւ. «Քանի մը տասնամեակ անց գալիք սերունդները ի՞նչ պիտի պատկերացնեն մեր կեանքին մասին: Ատենագրութիւններ ու տեղեկագիրներ կան, յաճախ աւելի առատ քան հարիւրամեակ մը առաջ, ունինք նաեւ ահագին թղթակցութիւններ՝ մամուլի էջերուն վրայ: Այս վաւերագիրներուն սակայն կը պակսի հիմնական տուեալ մը. կը պակսի մարդկային գործօնը: Անոնք կմախքն են, առանց միսի: Յուշագրութիւններն են, որ պիտի այդ ոսկորներուն վրայի միսը ըլլան եւ մեր յաջորդներուն համար գծեն իրական պատկերը անցած տարիներուն, տան ժամանակի շունչը: Այդ առումով, յուշագրութիւնը կը մնայ անփոխարինելի»:
Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ բժիշկ Օհան Թապաքեան, որմէ ետք փակման խօսքին մէջ Նանոր Աշնա Սնապեան-Լիպարեան յայտնեց, թէ հեղինակը գիրքին վաճառքի ամբողջ հասոյթը կը տրամադրէ Համազգայինին: