ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հինգշաբթի, 30 Մայիսին տեղի ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի 32րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:
Բարձրագոյն դասակարգի նորեկ «Արարատ-Արմէնիա»ն տարեշրջանը աւարտեց ախոյեանութեան տիտղոսով, երբ վերջին մրցումին, Վարդան Մինասեանի գլխաւորած խումբը, որ հիւրն էր «Բանանց»ին, 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց։
Խումբը Հայաստանի ախոյեան հռչակուեցաւ միայն մէկ կէտի առաւելութեամբ՝ գերազանցելով Երեւանի «Փիւնիկ»ը, որ տարեշրջանը աւարտեց 60 կէտով:
Նշենք, որ «Արարատ-Արմէնիա»ն հիմնուած է 2017ին: