Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ՝ Պրիթիշ Քոլոմպիա նահանգի խորհրդարանին մէջ նշուեցան Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան 101ամեակը եւ Արցախեան շարժման 31ամեակը։
Խորհրդարանի նիստէն ետք, ընդունելութեան սրահին մէջ կազմակերպուած ոգեկոչման հանդիսութեան մասնակցեցաւ Պրիթիշ Քոլոմպիոյ հայ համայնքը: Առաւել քան 30 խորհրդարանի անդամներու ներկայութեան նախարար Ատրիան Տիքս շնորհաւորական իր մաղթանքները փոխանցեց Հայաստանի անկախութեան օրուան առիթով եւ գնահատեց Պրիթիշ Քոլոմպիոյ հայ համայնքի մասնակցութիւնը Գանատայի ընկերային-տնտեսական զարգացման բնագաւառին մէջ: Նախարարը յատկապէս գնահատեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բարեսիրական առաքելութիւնը՝ առաւել քան 100 սուրիացի գաղթականներու հովանաւորութիւնը ստանձնելուն վերաբերեալ: Շնորհաւորական ուղերձով հանդէս եկաւ նաեւ ընդդիմութեան ղեկավար Անտրու Ուիլքինսըն:
Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Տէր Յակոբեան խօսք առնելով՝ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Պրիթիշ Քոլոմպիոյ նահանգային խորհրդարանին՝ հայ ժողովուրդի արդար դատին եւ Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման գծով զօրակցութեան համար:
Ընդունելութենէն ետք, յատուկ արարողութեամբ, «Մեր Հայրենիք» օրհներգին երգեցողութեամբ եռագոյն դրօշը բարձրացաւ Պրիթիշ Քոլոմպիոյ նահանգային խորհրդարանի շէնքի մուտքին: