ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, 10 Մայիսին, Քրիստոսի Համբարձման տօնը նշուեցաւ Ս. պատարագով եւ ճաշկերոյթով։
Առաւօտեան ժամը 10ին, պատարագ մատուցուեցաւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն։
Պատարագեց եւ քարոզեց Նորթ Հոլիվուտի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արսէն քհնյ. Գասապեան, որ կանգ առաւ Համբարձման խորհուրդին վրայ եւ անդրադարձաւ քրիստոնեայի կեանքին մէջ անոր ներգործութեան:
Պատարագէն ետք, Ազգային առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինին կազմակերպած Համբարձման աւանդական ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի «Պրենտվիու» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր, որուն կ՛ընկերանային առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Նարեկ Ա. քհնյ. Փէհլիվանեան եւ Արսէն քհնյ. Գասապեան։
Ճաշկերոյթին հիւրընկալներն էին՝ Արսինէ Ֆիլիփս եւ մայրը՝ Արուսեակ Պետրոսեան, ի յիշատակ իրենց հօր եւ ամուսնոյն Յովակիմ Պետրոսեանի։
Ներկայ էին թեմի եկեղեցիներու Տիկնանց միութեանց, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան եւ մասնաճիւղերու անդամուհիներ, բարերարներ ու բարեկամներ։
Բարի գալուստի խօսք արտասանեց եւ հանդիսավարութիւնը կատարեց Տիկնանց օժանդակ մարմինի անդամուհի Վանիա Պապիկեան, որ նաեւ բացատրութիւններ տուաւ Համբարձման տօնի աւանդներուն մասին։
Հոգեւոր հայրերը կատարեցին սեղաններու օրհնութիւնը, որմէ ետք առաջնորդ սրբազանը արտասանեց իր խօսքը:
Ան նախ գնահատեց կազմակերպիչ մարմինին անդամները, որոնք տարուան ընթացքին յաջողութեամբ կ՛իրականացնեն նման ձեռնարկներ, շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան հիւրընկալներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր ներկաներուն՝ իրենց զօրակցութեան համար։
Ապա, առաջնորդը խօսեցաւ Համբարձման խորհուրդին եւ անոր մեր կեանքին վրայ ունեցած ներգործութեան մասին, շեշտելով, որ Համբարձմամբ ազդանշան տրուեցաւ Յիսուսի երկրային առաքելութեան աւարտին եւ երկնային փառքին վերադարձին, որ առիթ ընծայեց Քրիստոսի, մեզի համար երկինքի մէջ տեղ պատրաստելու եւ Իր երկրորդ գալստեան հիմքը դնելու։
Սրտի խօսք արտասանեց Տիկնանց օժանդակ մարմինի ատենապետուհի Ծովիկ Զէյթլեան։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան հովանաւորներուն, իրենց առատաձեռն նուիրատուութեան եւ բոլոր անոնց, որոնց ներկայութեան եւ քաջալերանքին շնորհիւ նման ձեռնարկներ կը կազմակերպուին, վառ պահելով մեր ժողովուրդին մէջ մեր ազգային աւանդոյթները։
Սրբազանը, իբրեւ գործնական արտայատութիւն, հիւրընկալներուն փոխանցեց գնահատանքի յուշատախտակներ, իսկ Տիկնանց օժանդակ մարմինին կողմէ անոնց յանձնուեցան գեղեցիկ ծաղկեփունջեր։
Խօսք առաւ Արսինէ Ֆիլիփս, որ շնորհաւորեց Ազգային առաջնորդարանի նուիրական առաքելութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ցուցաբերուած յատուկ գնահատանքին առթիւ։
Ճաշին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական հաճելի յայտագիր մը, մասնակցութեամբ արուեստագէտ երգիչ Վարանդի, երաժշտական ընկերակցութեամբ Սարմէնի։ Հայկական պարով ելոյթ ունեցաւ Լիլիթ Սարգսեան։ Ներկաները երգեցին Համբարձման երգեր, տեղի ունեցաւ աւանդական վիճակաձգութիւնը։ Ստեղծուած խանդավառ մթնոլորտին մէջ, եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: