ՍՏԵԼԼԱ ՄԵՀՐԱԲԵԿԵԱՆ
«Ֆրիտըմ Հաուս» (Freedom House) իրաւապաշտպան կազմակերպութեան նոր՝ «Ազատութիւն Եւ միտիա. զսպանակաձեւ անկում» զեկոյցը կը փաստէ, թէ աշխարհի մէջ մամուլի ազատութեան վիճակը վերջին տասնամեակին վատթարացած է: Աշխարհի ամենաազդեցիկ ժողովրդավարութիւններուն մէջ նպատակաուղղուած ջանքեր կը գործադրուին միտիայի անկախութեան դէմ: Այդուհանդերձ, ըստ զեկոյցին, աշխարհի մէջ մամուլի ազատութեան պատկերը ամբողջութեամբ մռայլ չէ. կան երկիրներ, ուր ժողովրդավարական յառաջընթաց արձանագրուած է, եւ այդ երկիրներուն շարքին է Հայաստան:
«Աշխարհի մէջ մամուլի ազատութեան պատկերը ամբողջութեամբ մռայլ չէ: Վերջին երկու տարիներուն, ժողովրդավարական յառաջընթացի ոգեշնչող օրինակներ են Եթովպիան, Մալեզիան, Հայաստանը, Էքուատորը եւ Զամպիան՝ բոլորն ալ զուգահեռաբար նուաճումներ ունեցած են միտիա դաշտին մէջ:
Նշեալ հինգ երկիրներէն միայն Հայաստան չէ յաջողած նոյն տարուան մէջ արձանագրել մամուլի ազատութեան բարելաւում, ինչպէս եղած է քաղաքական փոփոխութիւններու պարագային: Այս ուղղումը անգամ մը եւս կ՛ընդգծէ մամուլի ազատութեան եւ քաղաքական փոփոխութիւններուն միջեւ սերտ կապը», կը նշեն հեղինակները եւ կ՛աւելցնեն, որ վերոնշեալ երկիրներուն մէջ բարելաւումը մատնացոյց կ՛ընէ անկախ լրագրութեան դիմադրողականութեան՝ նոյնիսկ տարիներու բռնաճնշումներէն ետք:
«Վերջին տարուան ընթացքին Հայաստան շատ աւելի մեծ յառաջընթաց արձանագրեց դէպի ժողովրդավարական անցում՝ բողոքի ցոյցերով, որոնք յանգեցուցին նոր ընտրութիւններու, բարեփոխիչ կառավարութեան: Հայաստանի մէջ, օրինակ, բազմաթիւ պատկերասփիւռի կայաններ նախ կը խուսափէին բողոքի ցոյցերը լուսաբանելէ, բայց փոքրաթիւ անկախ լրատուականներ, որոնց կարգին՝ «Սիվիլնեթ»ը եւ «Ազատութիւն»ը, կրցան ապահովել կայուն, խորքային լուսաբանում՝ ուղիղ եթերները ու ընկերային միտիան հմուտ կերպով կիրառելու միջոցով: Տեղեկատուութեան հոսքը խթանեց ժողովրդական շարժումը: Այս լրատուականները նաեւ կասեցուցին նախկին վարչակարգին կողմէ ապատեղեկատուութեան տարածումը», կ՛ըսուի զեկոյցին մէջ: