ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի քաղաքապետարանը կը տեղեկացնէ, թէ Ուրբաթ, 7 Յունիսին, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Զարեհ Սինանեան իր հրաժարականը ներկայացուց, այդ օրն իսկ հեռանալով իր պաշտօնէն, որպէսզի կարենայ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան մէջ բարձրաստիճան պաշտօն մը ստանձնել։
Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Սինանեանին՝ Կլենտէյլին մատուցած անոր ծառայութիւններուն համար՝ աւելցնելով, որ այժմ կը քննուին անոր թափուր ձգած աթոռը լեցնելու կարելիութիւնները։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Կլենտէյլի մասնաճիւղի ատենապետ Ռանի Ղարիպեան այս առթիւ յայտնեց, որ յանձնախումբը հաճոյքով աշխատած է քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Զարեհ Սինանեանի հետ եւ անոր ընտրութեան առաջին օրէն մինչեւ կառուցողական եւ ջերմ յարաբերութիւններ ունեցած անոր հետ: Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ հպարտ է, որ առաջին ընտրապայքարի օրերէն սկսեալ կանգնած եղած է Սինանեանի կողքին:
«Իր պաշտօնավարման ամբողջ ընթացքին Սինանեան լաւագոյնս ծառայած է Կլենտէյլի քաղաքացիներուն, միասնաբար աշխատելով փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու ուղղութեամբ, միշտ ջանալով սերտ կապեր պահել մեր կազմակերպութեան եւ համայնքին հետ», աւելցուց Ղարիպեան:
«Մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք պարոն Սինանեանին իր նուիրեալ ծառայութեանց համար եւ յաջողութիւն կը մաղթենք անոր նոր պատասխանատուութեանց մէջ: Մենք վստահ ենք, որ մեր հայրենիքին ծառայելու իր նոր առաքելութեան ճամբուն վրայ մեր սերտ յարաբերութիւնները պիտի շարունակուին: Մենք նաեւ պատրաստակամութիւն կը յայտնենք՝ համագործակցելու Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի ամբողջ կազմին, ինչպէս նաեւ Սինանեանը փոխարինող անձին հետ», եզրափակեց Ղարիպեան:
Ըստ քաղաքի օրէնքներուն՝ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի մնացեալ 4 անդամները կրնան խորհուրդի նոր անդամ մը նշանակել կամ արտակարգ ընտրութիւններ կազմակերպել նոր անդամ մը ընտրելու համար։ Նշանակումը պէտք է կատարուի 30 օրերու ընթացքին, այլապէս պէտք է մինչեւ 120 օր նոր ընտրութիւններ կատարել։
Զարեհ Սինանեան առաջին անգամ 2013ին ընտրուած էր Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եւ վերընտրուած էր 2017ին։ Ան երկու առիթներով ստանձնած է քաղաքապետի պաշտօնը՝ 2014-2015ին եւ 2018-2019 տարեշրջաններուն։ Ան ներկայիս նաեւ նախագահն է Հոլիվուտ-Պըրպենք օդակայանի տնօրէնութեան։
Մամուլին մէջ հրապարակուած են Սինանեանի՝ Հայաստանի կառավարութեան մէջ պաշտօնավարման մասին լուրեր, ըստ որոնց, ան նկատի առնուած է՝ վարելու Սփիւռքի յանձնակատարի պարտականութիւնը:
Բայց չէ՞ որ իր երկու ընտրութիւններուն պարագային ալ Զարեհ խոստացաւ լիարժէք ծառայել Կլէնտէյլի բնակիչներուն եւ բարելաւել անոնց կեանքը: Կամ՝ երեւի միամիտ քուէարկողները չհասկցան որ իր ծրագիրն էր իրենց «ծառայելու» անուան տակ՝ բարելաւել ի՛ր կեանքը:
Մեզ յուսախաբ ընելու պատրաստուող յաջորդ ընտրեալը ո՞վ պիտի ըլլայ արդեօք…: