Պատրաստեց ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ
– Զէյթլեան-Ուայթենփաուղ Հեղնար, «Պակսող Էջերը – Միջնադարեան Ձեռագիրի Մը Արդի Կեանքը – Ցեղասպանութենէն՝ Արդարութիւն», Ամերիկա, Փետրուար 2019, 436 էջ (Թորոս Ռոսլինի մանրանկարած «Զէյթունի Աւետարան»ի՝ մայր ձեռագիրէն պակսող եւ Ամերիկայի Ճէյ. Փոլ Կէթթի Թանգարանին մէջ 2010ին յայտնուած 8 էջերու նկարագրականին ընդմէջէն՝ 700 տարուան ձեռագիրի ոդիսականին եւ Մեծ Եղեռնին ներկայացումը) (անգլերէն):
– Թումանեան Յովհաննէս, «Առիւծասիրտ Նազարը», թարգմանիչներ՝ Նշան Կիւրեհ եւ Ալիս Պետիկեան, նկարազարդումը՝ Էմինէ Պորայի, «Արտէն» հրատարակչութիւն, Պոլիս, 8 Մարտ 2019, 56 էջ, 25 x 25 սմ., (Թումանեանի «Քաջ Նազար»ի թարգմանութիւնը, Թումանեանի կենսագրութիւնը), թրքերէն: Ծրագիրին իր նպաստը բերած է «Փոքրիկ» կայքէջը:
– Թօլայեան Երուանդ, «Կավռօշ-Նամէ», աշխատասիրութեամբ Հենրիկ եւ Արծուի Բախչինեաններու, հրատարակութեան պատրաստեց Սեւան Տեյիրմէնճեան, «Արաս» հրատարակչութիւն, Պոլիս, Փետրուար 2019, 600 էջ, 15 x 21 սմ., («Կավռօշ» երգիծաթերթի խմբագիր եւ հրատարակիչ, դերասան, 1936ին հայրենադարձած Երուանդ Թօլայեանի թատերական եւ խմբագրական գործունէութեան յուշերը), թրքերէն: Մեկենաս՝ Սարգիս Քիւլէկէլ՝ ի յիշատակ իր տիկնոջ՝ Էմմա Քիւլէկէլի:
– Մալխաս (Արտաշէս Յովսէփեան), «Զարթօնք», Ա.-Դ. հատորներ, խմբագիր՝ Կարօ Յովհաննէսեան, վերահրատարակութիւն Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, Պէյրութ, 2019:
– Մարտիկանեան Աւրորա (Արշալոյս Մարտիկանեան), «Հայաստանի Կործանումը – Զանգուածային Ջարդերէն Ճողոպրած Երիտասարդուհիի Մը Անհաւատալի Պատումները», անգլերէնէ թարգմանեց Թոմա Տիլան(եան), «Արարատ» հրատարակչութիւն, հաւանաբար՝ Փարիզ, 12 Մարտ 2019, 205 էջ, ֆրանսերէն:
– Մորիս Պեննի եւ Զէէւի Տրոր, «Երեսնամեայ Ցեղասպանութիւն – Թուրքիոյ Կողմէ Իր Քրիստոնեայ Փոքրամասնութեանց Բնաջնջումը 1894-1924», Հարվըրտի համալսարանի հրատարակչութիւն, Ամերիկա, 24 Ապրիլ 2019, 672 էջ, 15,5 x 23,4 սմ., (Իսրայէլի Նեկեւ քաղաքի «Պէն Կուրիոն» համալսարանի դասախօս հեղինակները կը ներկայացնեն նաեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը), անգլերէն: – Շահամիրեան Յակոբ եւ Պատուական-Թուֆանեան Սաթենիկ, «Որոգայթ Փառաց – Հանրապետական Ծրագիր Մը Արեւելքի Մէջ ԺԸ. Դարուն», թարգմանեց Սաթենիկ Պատուական-Թուֆանեան, «Ինալքօ» հրատարակչութիւն, Փարիզ, Նոյեմբեր 2018, 530 էջ (1773ին առաջին անգամ լոյս տեսած հայկական «սահմանադրութեան» ուսումնասիրութիւնը, անոր թարգմանութիւնը, ներածութիւն, վերջաբան, 11 բաժիններով յաւելուած, յապաւումներու, նկարներու ու քարտէսներու եւ օգտագործուած աղբիւրներու ցանկեր), ֆրանսերէն:
– Շամլեան Վարդգէս, «Յուշագրական Ալպոմ», Մոնթրէալ, 2018, 388 էջ (լիբանանահայ, այնուհետեւ Գանատա հաստատուած հանրածանօթ իրաւաբանին եւ հասարակական-քաղաքական գործիչին յուշերը Լիբանանի եւ Գանատայի մէջ իր գործունէութեան մասին):
– Պետրոսեան Դաւիթ, «Կարսի 1920թ. Ինքնասպանները», «ՎՄՎ-պրինտ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2019, 84 էջ, 10,1 x 14 սմ., (Կարսի 30 Հոկտեմբեր 1920ի դաւաճանական յանձնումին պատմագիտական գնահատականը եւ արժանապատուութենէ մղուած քանի մը անձնասպաններու մասին վկայութիւնները):
– Տէր Պալեան Յակոբ, «Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածի յուշերը Ատանայէն մինչեւ Մոսուլ», հայերէնէ թարգմանեց Կլատիս Տէր Պալեան, ներածութիւնը, խմբագրումը եւ ծանօթագրութիւնները՝ Ռեմոն-Յարութիւն Գէորգեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս, 2019, ֆրանսերէն:
– Քարանեան Մեթեու, «Հայկական Բարձրաւանդակը – Արեւմտեան Հայաստան Եւ 1918ի Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը», Ամերիկա, 2019, 312 էջ, 20,5 x 27,7 սմ., (պատմական ուղեցոյց, բազմաթիւ քարտէսներ, 200է աւելի լուսանկարներ Հայաստանի ոչ միայն արեւմտեան հատուածէն, այլեւ Կարսի մարզէն ու հայոց հայրենիքի գրաւեալ ուրիշ տարածքներէն), անգլերէն: