ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Այս տարուան առաջին հինգ ամիսներուն ընթացքին, Հայաստանի երկու օդակայաններուն ուղեւորահոսքը եղած է 1,038,617 ճամբորդներ, որ 8.7 տոկոսով կը գերազանցէ նախորդ տարուան նոյն ամիսներու ցուցանիշը:
«Արմէնիա Միջազգային Օդանաւակայաններ» ընկերութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը յայտնէ, որ Մայիս 2019ին երկու օդակայաններուն ուղեւորահոսքը եղած է 243,016 ճամբերդներ՝ 2018ի նոյն ամսուան ցուցանիշէն 11.7 տոկոսով աւելի: