ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 12 Յունիսին ընդունեց Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի (ՀԱՀ) եւ ՀԲԸՄի նախաձեռնութեամբ կազմուած Հայաստանի արհեստագիտական զարգացման հնարաւորութիւններուն վերաբերեալ հետազօտութիւն իրականացնող խումբի անդամները:
Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ հանդիպման մասնակցեցան նաեւ բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեան, Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի նախագահ Արմէն Տէր Կիւրեղեան, ՀԱՀ նորընտիր նախագահ Կարին Մարգիտես, ՀԱՀ հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Լորենս Փիթց, ՀԲԸՄի հայաստանեան գրասենեակի նախագահ Վազգէն Եագուպեան, «Սինոփսիս Արմինիա»ի նախագահ Երուանդ Զօրեան, Հայաստանի արհեստագիտական ուսումնասիրութեան ծրագիրի գործադիր տնօրէն Արթուր Խալաթեան եւ ուրիշներ:
Վարչապետը բարձր գնահատեց հետազօտական խումբին գործունէութիւնը եւ նշեց, որ կառավարութեան կարեւորագոյն առաջնահերթութիւններէն մէկը արհեստագիտական տնտեսութեան զարգացումն է: Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց արհեստագիտական ոլորտի բարձրորակ մարդուժի պատրաստման ուղղութեամբ ծրագիրներու իրականացման անհրաժեշտութիւնը եւ աւելցուց, որ գործադիրի ուշադրութեան կեդրոնին է բարձրորակ կրթական համակարգի կայացման հարցը: Վարչապետը աւելցուց, որ այդ նպատակով ոլորտին մէջ պիտի իրականացուին համալիր բարեփոխութիւններ: Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց հետազօտական աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած անձերուն՝ մեր երկրի արհեստագիտական զարգացման օժանդակելնուն համար:
Միջազգային հեղինակաւոր գիտական-կրթական հաստատութիւններու փորձագէտներ ներկայացուցին Հայաստանի կրթական, տնտեսական եւ արհեստագիտական ոլորտներուն մէջ իրականացած իրենց հետազօտութիւններուն արդիւնքները: Մասնաւորապէս, անդրադարձ եղաւ հայկական ընկերութիւններու մրցունակութեան բաձրացման, կրթութիւն-գործարար կապի ամրապնդման, մասնագիտական կողմնորոշման հարցով միջնակարգ կրթութեան դերակատարութեան բարձրացման, թուային ուսման զարգացման հնարաւորութիւններուն:
Քննարկման ընթացքին տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում Հայաստանի արհեստագիտական առաջընթացին ուղղուած քայլերուն շուրջ: