– «Էյ.Պի.Սի.» կայանէն հարցազրոյցի մը ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ընդունեց, որ պատրաստ է օտար կառավարութիւններէ օգնութիւն ստանալու, 2020ի նախագահական ընտրութեան իր մրցակիցները վարկաբեկելու համար, բան մը, որով կ՛ամբաստանուի 2016ի նախագահական ընտրութեանց կապակցութեամբ։
– Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան 11 Յունիսին ստորագրեց Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցելու վերաբերեալ եռակողմանի համաձայնագիրը, որ կնքուած էր Մարտ 2018ին: